ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը աւստրիական օրաթերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ իր կուսակցութիւնը Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները ճիշդ հունի մէջ դնելու եւ իր ըմբոստութեան մագլցում մը կանխարգիլելու համար, կ՛ուզէ միջազգային միջնորդ մը, որ հաւանաբար Միացեալ Նահանգները ըլլայ:
Այս առաջարկը կատարած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն եւ ականաւոր դէմքերէն Ճեմիլ Պայըք միաժամանակ Թուրքիան ամբաստանած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալներուն աջակցելով՝ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ անուղղակի պատերազմ մղելու յանցանքով:
Պայըք աւստրիական «Սթանտարտ»ին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցով մը նշած է. «Պատերազմի ճամբով լուծում չի կրնար ըլլալ, ուստի քաղաքական լուծում մը պէտք է ըլլայ: Հասած ենք կէտի մը, ուր շարժում պէտք է ըլլայ: Այդ պատճառով ալ կ՛առաջարկենք, որ երրորդ կողմ մը հսկէ այս հոլովոյթին: Միջնորդի աշխատանք տանողի մը պէտք ունինք, հսկողներու պէտք ունինք: Կրնանք նաեւ ամերիկացիները ընդունիլ կամ՝ միջազգային պատուիրակութիւն մը»։
«Սթանտարտ» Պայըքի հետ այս հարցազրոյցը կատարած է Իրաքի մէջ, «Իրանի հետ սահմանին մօտ անյայտ վայրի մը մէջ»:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նման, Միացեալ Նահանգներ եւս Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» կը նկատէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.