Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան մեծարանքի հանդիսութեան, «Ազատութիւն» մրցանակով պիտի պատուէ յայտնի իրաւաբան Ռապըրթ Մորկընթաուը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռն է:
«Ազատութիւն» մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք ներդրում ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամերիկահայ համայնքը յուզող միւս հարցերուն մէջ: Այս մրցանակին արժանացած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Էվընզը, ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայիս դեսպան, «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր Սամանթա Փաուըրը, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզը, Միացեալ Նահանգներու նախկին ծերակուտականներ Էլիզապեթ Տոլ եւ Ռապըրթ Տոլ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը եւ ուրիշներ:
Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Սթիւ Մեսրոպեան անդրադառնալով իրաւաբան Ռապըրթ Մորկընթաուի մասին՝ կը յայտնէ. «Անցնելով իր մեծ հօր հետքերով, պարոն Ռապըրթ Մորկընթաու եւ անոր ընտանիքը կը շարունակեն ըլլալ Հայ Դատի հետեւողական ջատագովները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս բոլոր անարդարութիւններուն մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելով իշխանութիւններուն»։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ, Դեկտեմբեր 7ին, Նիւ Եորքի «Ռից Քարլթըն» պանդոկին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.