ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչ մերժեց պատասխանել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Ճեմիլ Պայըքի մէկ յայտարարութեան՝ պնդելով, որ եթէ ինք, իբրեւ փոխվարչապետ, պատասխանէ անոր, ապա «մեղք պիտի ըլլայ Թուրքիոյ»։
Պայըք յայտարարած էր, թէ քիւրտերը կը փափքին, որ երրորդ կողմ մը հետեւի քրտական հարցին մէջ շարունակուող հաշտութեան գործընթացին՝ աւելցնելով, որ այդ երրորդ կողմը կրնայ ըլլալ Ամերիկան կամ միջազգային յանձնախումբ մը։
Արընչ հեքնանքով պատասխանեց այս մասին հարցումի մը՝ նշելով. «Հիմա ձեզի եթէ հարցնեմ, թէ Ճեմիլ Պայըքը ո՞վ է, քիչ մը ծիծաղելի պիտի ըլլայ։ Բայց այս մասին հրատարակուած լուրին մէջ այդ անձը ներկայացուած է իբրեւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար։ Հիմա դուք կ՛ուզէք, որ փոխվարչապետը ասոր պատասխանէ։ Ասիկա կարելի չէ՛։ Ահաբեկչական կազմակերպութեան վարիչ մը ի՛նչ կ՛ուզէ, թող ըսէ, անիկա իմ խօսակիցս չէ»։
Արընչի այս մեկնաբանութիւնը հասկնալի չէ եւ նոյնիսկ՝ հակասական։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որո՞ւն հետ բանակցութիւններ յառաջ կը տանի՝ հաշտութեան գործընթացը իրականացնելու համար։ Այս բանակցութիւնները Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ չէ՞։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.