
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 14 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է Մայր տաճարի շրջափակին մէջ կառուցուող մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի հիմնօրհնէքի արարողութիւն:
Արարողութեան ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի առիթով Հայաստան գտնուող եպիսկոպոսաց դասը, Մայր Աթոռի բարերարներ, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար, Մայր Աթոռի Ճարտարապետական խորհուրդի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը, Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը եւ այլ հրաւիրեալներ: Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի նախագահութեամբ կատարուած հիմնօրհնէքի արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեանը ընթերցած է կառոյցի հիմքերուն մէջ անփոփուելիք յիշատակարանը, որուն մէջ գրուած է. «Բարեհաճ կամօքն Բարձրեալն Աստուծոյ, Եպիսկոպոսաց երկրորդ ժողովի գումարման օրերին՝ Նոյեմբերի 14ին, հանդիսապետութեամբ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի, ներկայութեամբ եպիսկոպոսաց դասի, Մայր Աթոռի միաբանութեան, բարերարների եւ հաւատացելոց, կատարուեց հիմնօրհնէքի արարողութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մոմավառութեան մատուռի եւ Կաթողիկոսական դամբարանի:
Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու արժանաւոր զաւակներ, բարեպաշտ եւ ազգասէր Գառնիկ եւ Անի Եագուպեանների սրտաբուխ նուիրաբերութեամբ կառուցուող մատուռում հաւատաւոր հայորդիք մոմավառութեամբ իրենց աղօթքը պիտի վերառաքեն առ Աստուած՝ հայցելով Ամենակալ Տիրոջ օրհնութիւնն ու հովանին իրենց կեանքին, մեր Սուրբ Եկեղեցուն եւ համայն ազգիս հայոց: Այս աղօթավայրը նաեւ հանգրուան պիտի լինի Հայրապետաց աճիւնների, եւ այստեղ մշտահունչ պիտի լինի աղօթքը ազգիս երախտարժան Հովուապետաց հոգուոց հանգստութեան համար:
Թող Փրկիչ մեր Տէրը շէն ու պայծառ պահի Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին, հանապազ օրհնի մեր Հայրենիքն ու ժողովրդին, ազգիս բարերար զաւակներին եւ միշտ պահպանի Իր Ամենախնամ Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ»:
Այնուհետեւ այս առիթով իր օրհնութիւնը փոխանցած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: «Այս պահին մեր հոգին ցնծում է ուրախութեամբ: Աստծոյ օրհնութեամբ եւ աղօթակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Առաջին կաթողիկոսի, եպիսկոպոսաց դասի, Մայր Աթոռի միաբանութեան, բարերարների եւ հաւատաւոր ժողովրդի կատարուեց մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի հիմնօրհնէքը, ուր հաւատաւոր մեր զաւակունք պիտի գան իրենց մոմերը վառելու եւ իրենց աղօթքն առ Աստուած բարձրացնելու ազգիս, հայրենիքի համար: Իրենց աղօթքը պիտի բարձրանայ նաեւ մեր 131 Հայրապետների համար, որոնց իմաստուն առաջնորդութեամբ մեր ժողովուրդը դիմագրաւել է բոլոր դժուարութիւնները եւ ապրում է ազատ երկնքի ներքոյ՝ կրկին պայքարելով իր ազգային գոյութեան պահպանութեան համար», ըսած է Ամենայն հայոց հայրապետը:
Ան գնահատած է բարեպաշտ Եագուպեան ամոլը, որ իր արդար քրտինքով վաստակածէն մնայուն կերպով բաժին կը հանէ ազգին եւ եկեղեցիին։ Ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անի Եագուպեաններու օժանդակութեամբ իրականութիւն դարձած է Սեւանի Վազգէնեան դպրանոցը, իսկ տարիներ առաջ կառուցուած է դպրանոցի նոր շէնքը:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունած է այս եւ բոլոր այն ծրագիրները, որոնք վերջին տարիներուն կեանքի կոչուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ: Ան ընդգծած է, որ ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին վերաբերող ամէն ծրագիր կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ կը նպաստէ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, ազգի հզօրացման եւ միասնութեան ամրապնդման:
Ապա շարականի երգեցողութեամբ յիշատակարանը ամփոփուած է մոմավառութեան մատուռի եւ կաթողիկոսական դամբարանի հիմքերուն մէջ:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարերարներ տէր եւ տիկին Գառնիկ եւ Անի Եագուպեաններու (ԱՄՆ) հովանաւորութեամբ կառուցուող մոմավառութեան մատուռի ճարտարապետներն են Ասլան Մխիթարեանը, Հայկ Մկրտչեանը եւ Արտաւազդ Նազարէթեանը:
Շինարարութիւնը կը կատարէ «Հորիզոն 95» կազմակերպութիւնը: