ՊՐԻԶՊԵՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քսաններու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ տնտեսական մեկուսացման ենթարկումը պիտի շարունակուի՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ հարցով տարբեր ընտրանք մը որդեգրելու առիթ ունի:
Օպամա նաեւ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ուքրանիոյ մէջ անջատողականներուն ծանր զէնքեր տրամադրելով՝ միջազգային օրէնքը կը խախտէ։
Փութին Շաբաթ օր պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին կոչ ուղղած էր Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերացնելու՝ նշելով, որ անոնք Ռուսիոյ տնտեսութեան կողքին նաեւ կը վնասեն համաշխարհային տնտեսութեան:
Նշենք, որ վեհաժողովին ընթացքին Քանատայի վարչապետ Սթեֆըն Հարփըր եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն եւս սուր կերպով քննադատեցին Փութինը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.