
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 1938ին, Տերսիմի ջարդը սկսած է յաճախակի կերպով օրակարգի գալու, հակառակ անոր, որ տասնամեակներ շարունակ լռութիւն պահուած է այս մասին։ Վերջերս նաեւ ընդդիիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխկուսակցապետ Սեզկին Թանրըքուլու հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած էր Տերսիմի պատահարներուն համար։ Անոր այս մերձեցումը պառակտում յառաջացուցած էր կուսակցութենէն ներս, իսկ նոյն կուսակցութենէն Ալի Ռըզա Էօզթիւրք ըսած էր. «Ես ներողութիւն չեմ խնդրեր. լաւ որ զարկեր ենք»։
«Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, որ Կալաթասարայի մէջ հանրահաւաք մը կազմակերպուած է անցնող շաբաթավերջին, 1938ին Տերսիմի սպանդներու ընթացքին մահապատիժի ենթարկուած շէյխ Սէյիտ Ռըզայի ու ընկերներուն սպանութեան 77րդ տարելիցին առիթով։ Հանրահաւաքին ընթացքին ճառախօսները պնդած են, որ Տերսիմի պատահարներուն կապակցութեամբ ներողութիւն խնդրելը բաւարար չէ, այլ պէտք է անհրաժեշտը կատարուի ու պէտք է բացուին արխիւները։
Հանրահաւաքին մասնակցած բազմաթիւ միութիւններու կարգին եղած է Տերսիմցի հայերու միութիւնը եւս։ Ցուցարարները մոմեր վառած են սպաննուածներու հոգւոյն համար եւ բացած են վերտառութիւններ, որոնց վրայ գրուած էր, որ պիտի պահանջեն 37 եւ 38 թուականներու Տերսիմի սպանդին հաշիւը։ Զազաներու լեզուով երգեր եւս երգուած են ու ականատեսներու վկայութիւններ կարդացուած։
Տերսիմի միութիւններուն անունով բացատրութիւններ տուած է Հաթուն Էսեն, պնդելով, թէ իշխանութիւնները այդ թուականին պատմութենէն եկող ատելութեան ազդեցութեան տակ վրէժ լուծած էին տերսիմցիներէն։ Ան յիշեցուցած է, որ Սէյիտ Ռըզային ու մահապատիժի ենթարկուած անոր ընկերներուն թաղուած տեղերը գաղտնի պահուած են, ու խօսքը ուղղելով ներկայ իշխանութիւններուն՝ ըսած է. «Եթէ անկեղծօրէն ներողութիւն պիտի խնդրէք, եթէ ձեր նպատակը կեղծիք ու խաբէութիւն չէ, ուրեմն հրապարակեցէք, թէ ո՛ւր կը ննջեն առանց պատանքի թաղուածները։ Բացէք արխիւները, ըրէք այն, ինչ անհրաժեշտ է, որպէսզի այս հողերուն վրայ անգամ մըն ալ ցեղասպանութիւն չգործադրուի»։