
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հարուածուած ռազմական ուղղաթիռի օդաչուներու մարմինները տուն բերելու աշխատանքները առայժմ դիւանագիտական մակարդակի վրայ պիտի պահուին: Անշուշտ բանալի բառը այստեղ «առայժմ»ն է, որուն տեւողութիւնը Հայոց բանակի հրամանատարներու որոշումէն կախեալ է:
Յամենայնդէպս, նախարարը հայ դիւանագէտներէն կ՛ակնկալէ այս հարցի կարգաւորումը:
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի արտաքին գորոց նախարարութիւնները իրենց անձնակազմը գործի լծած պէտք է ըլլան՝ միջազգային օրէնքներու եւ մարդկային իրաւունքներու համամարդկային սկզբունքներուն հիման վրայ միջազգային ճնշում բանեցնելու Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ, որպէսզի մարդասիրական միջանցք մը բացուի ու դուրս բերուին նահատակուած օդաչուներու մարմինները:
Ատրպէյճանի իշխանութիւններու արհամարհանքը՝ միջազգային օրէնքներուն կամ մարդկային իրաւունքներու յարգումին նկատմամբ, յայտնի է: Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու, ընդդիմադիրներու եւ ընդհանրապէս այլախոհներու վերաբերեալ ճնշումները դադրեցնելու միջազգային կոչերուն, Ալիեւն ու իր ծառայամիտ պաշտօնեաները խուլ ձեւանալու վարքագիծ որդեգրած են եւ պատրաստ կը թուին ըլլալ նոյն վճռականութեամբ շարունակելու այդ գիծը։
Այս հանգրուանին, մեր պարտականութիւնն է արձագանգել նախարար Օհանեանին ու միացնել մեր հնարաւորութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի դիւանագիտական աշխատանքներուն՝ քարոզչական եւ քաղաքական յարաբերութեանց ծիրէն ներս Ատրպէյճանի վրայ ճնշումները առաւել ազդեցիկ դարձնելու առաջադրանքով:
Պէտք չէ թերագնահատել այս գծով տարուող աշխատանքները, որոնք բարոյապէս կը հզօրացնեն Հայկական բանակի յետագայ պատժիչ գործողութիւնները, զորս կանխելու պատասխանատուութիւնը Ատրպէյճան, փաստօրէն, ամբողջականօրէն թօթափած էր իր ուսերէն: