ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիոլուր».– Երեւանի մէջ 25 Նոյեմբերին սկսած է Մերձսեւծովեան երկիրներու ազգային լրատուական գործակալութիւններու միութեան 7րդ ընդհանուր ժողովը։ Սեւծովեան տարածաշրջանի եւ ԱՊՀ երկիրներու առաջատար լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարները Երեւան կը գտնուին՝ տեղեկատուական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներն ու փոխգործակցութեան խորացման հարցերը քննարկելու նպատակով: Համաժողովին կը մասնակցին Ռումանիոյ, Ռուսիոյ, Ալպանիոյ, Վրաստանի, Պուլկարիոյ ազգային լրատուական գործակալութիւններու գլխաւոր տնօրէնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ «Անատոլու» գործակալութեան միջազգային լրատուութեան բաժինի խմբագիրը:
«Ժուռնալիստիկան պէտք է լինի այն հարթակը, որտեղ կը կառուցուի լաւագոյն ապագան», հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը: Ամրան Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ գործընկերներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան խօսած էր 2015 թուականին՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուող նախաձեռնութիւններուն մասին եւ կարեւոր նկատած էր լրատուական գործակալութիւններուն դերը՝ կանխելու նման իրադարձութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.