
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի պիտի ունենայ թորոնթօբնակ Յարութ Քահուէճեանի խմբագրած եւ անգլերէնի թարգմանած «Կարմիր Անապատէն Երուսաղէմ» («From The Red Desert to Jerusalem») հատորի ներկայացումը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ հեղինակը։
Հատորը Յարութ Քահուէճեանի հօր՝ Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Էլիա Քահուէճեանի, ինքնակենսագրութիւնն է։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելելալ տեղեկութեանց համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով։