ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Վստահելի մարդ գտնելը դժուարացեր է ներկայ կեանքի խառնափնթոր իրավիճակին մէջ: Ընկերային փոխյարաբերութեանց այլազան հիւսքեր ու հանգոյցներ երբեմն այնպիսի աւերներ կը գործեն մարդոց կեանքէն ներս, որ զանոնք վերականգնելու ամէն յոյս կը կորսուի առյաւէտ:
Ծանօթ մը կ՛ըսէր, թէ փողոցին մէջ քալած ժամանակ ինք իրեն հետ խօսող մարդոց շատ կը հանդիպի: Որքան ուզեցի բացատրել իրեն, թէ կրնայ պատահիլ նաեւ որ իր տեսած անձերը ականջալուր գործիքներով միացած կրնան ըլլան իրենց բջիջային հեռախօսին, ու քալած պահուն հաւանաբար հեռաձայնով մէկու մը հետ է, որ կը խօսին, սակայն ան դարձեալ կը պնդէր ըսելով, թէ շատցած է թիւը առանձին խօսող մարդոց:
Եթէ ընդունինք անոր ըսածը, կը նշանակէ, թէ յիմարանոցներու շրջափակին մէջ ազատ շրջագայող հիւանդներու թիւը բազմացած ըլլալով, անոնք արդէն դուրս եկած են հոգեբուժարանի պարիսպներէն ու մտած սովորական ժողովուրդի շարքերուն մէջ:
Վերոյիշեալ մասնաւոր պարագաներէն բացի, սակայն, մարդ իր կեանքին ընթացքին անպայման կարիքը կը զգայ իր մտածումները, ծրագիրները, գաղափարներն ու տեսակէտները բաժնելու ուրիշներուն հետ: Այս ձեւին մէջ կայ իմաստութիւնը ո՛չ միայն ստուգումը կատարելու մեր ըսածներուն տրամաբանականութեան, այլ նաեւ կայ մարդը համեստացնող երեսը, որով ան նաեւ իր ականջը կը խոնարհեցնէ, լսելու համար ուրիշներու կարծիքը, իր արտայայտած մտածումներուն մասին:
Բայց որո՞ւն հարցնել, որո՞ւն պատմել, ինչպէ՞ս վստահիլ, ինչպէ՞ս ապահով զգալ, թէ մեր ունկնդիր անձը պիտի չգողնայ մեր ծրագրած աշխատանքներուն գաղափարներն ու պիտի չշահագործէ մեր անկեղծութիւնը: Ճարտարագէտ ծանօթ մը կ՛ըսէր, թէ հազիւ ծրագրած մասնաւոր գործիքի մը պատրաստութիւնը, յանկարծ կը տեսնէր արդէն անոր մէկ տարբերակը շուկայի վրայ: Հետագային անդրադարձեր է, թէ այն մտերիմ անձնաւորութիւնը, որուն կարծիքը կ՛առնէր ինք ամէն անգամ նոր «գիւտ» կատարելուն, այդ գործիքին սեւագիրը անիկա կը յանձնէր ուրիշներու, եւ այսպիսով կը գողցուէր իր ստեղծած գաղափարը:
Ամուսնացած զոյգերու պարագային, ոմանց կարծիքով, այս հարցը ինքնին լուծուած կ՛ըլլայ: Որովհետեւ ամէնէն նուիրական գաղտնիքէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն պարզը, գէթ անոնց միջեւ կարելի պէտք է ըլլայ պահպանել: Ատիկա ձեւով մը կը նուիրագործուի Աստուծոյ Խորանին դիմաց անոնց իրարու տուած փոխադարձ խոստումով: Սակայն ներկայ ժամանակներու կենցաղակերպի տարբեր երեւոյթները նկատի ունենալով, շատ պարզ կը դառնայ, որ նոյնիսկ ամուսիններու միջեւ բազմաթիւ նիւթեր կը մնան գաղտնի, ըլլան անոնք գործին առնչուող տեղեկութիւններ, եւ կամ ըլլան շատ անձնական կեանքի վերաբերող գաղտնիքներ:
Ուրեմն խնդիրը դարձեալ կը մնայ հարցական.
_ Որո՞ւն պէտք է պատմել:
Գաղտնիք մը փոխանցե՞լ, թէ չփոխանցելու խնդիրէն դուրս, այս հարցին մէջ կայ նաեւ փափկանկատութեան երեսը, զոր նկատի պէտք է առնել անպայման:
Ոմանք հիւանդի այցելութեան երթալ չեն գիտեր: Ո՛չ թէ բնաւ չեն երթար, այլ՝ հիւանդին քով երթալով, բժիշկի խորհրդատուութեամբ հանդէս կու գան: Առածը կ՛ըսէ. «Հիւանդին քով երբեք առողջութեանդ մասին մի՛ խօսիր, ո՛չ ալ թշուառին քով՝ երջանկութեանդ մասին»: Այդ պահուն, հիւանդն ու ապերջանիկը իրենց ցաւակցող մարդ կը փնտռեն եւ ո՛չ թէ իրենց վէրքին վրայ աղ լեցնող «խոհարար»: Եթէ կեանքի վարպետ «խոհարար» ես, որ մարմինդ այդքան առողջ պահած ես եւ կեանքդ երջանկացուցած, փափկանկատութիւնը ունեցիր գէթ ա՛յդ պահուն վշտակցելու անոր, որ քեզմէ աւելի վատառողջ է ու դժբախտ: Անիկա քու քաջալերանքին պէտք ունի այդ պահուն, վերապրելու համար իր ցաւերէն, եւ ո՛չ թէ առողջութեան ու երջանկութեան մասին քարոզ լսելու:
Հիներ նման հարցերու մէջ շատ փափկանկատ էին: Ճանչցած եմ մարդիկ, որոնք ցաւի ու տառապանքի մէջ եղող մարդուն քով երթալով, իրենց կեանքէն կը փորձեն վերյիշել նման դժուարին կացութիւններ, իսկ եթէ չգտնեն, ի պահանջեալ հարկին ա՛յդ պահուն կը յօրինեն, պարզապէս տառապողին ցոյց տալու, թէ առաջին անձը չէ՛ որ նման կացութեան մէջ յայտնուած է: Նման մօտեցում շատ օգտակար կ՛ըլլայ հիւանդին կամ դժբախտին, որպէսզի յուսադրուի եւ թեթեւ քայլերով անցնի խարխլած կամուրջին վրայէն, փարատելով ամէն երկիւղ ու ինքնավստահութեան պակաս:
Նոյնիսկ դառնաղէտ մահուան պարագային, դարձեալ, հիներ բազմութիւնը լացակից դարձնելու համար հանգուցեալի հարազատներուն, մասնաւոր լալկան եղերամայրեր բերել կու տային, լացի ընդհանուր ձայներուն մէջ մեղմացնելու համար մեռելի անմխիթար տիրոջ ողբն ու կոծը:
Ուրեմն՝
_ Որո՞ւն պէտք է պատմել:
Պատմելու համար մէկը փնտռելէ առաջ, պէտք է ճշդել, թէ ի՞նչ է պատմուելիքին բովանդակութիւնը: Եթէ քու յաջողութիւնները, յառաջդիմութիւնը, կատարած իրագործումները ու քաջագործութիւնները արծարծելիք նիւթերդ են, այդ պարագային պէտք է զանոնք պատմես քու կարողութիւններուն հաւասար ուժ ներկայացնող անձերուն: Այլապէս կատարածդ ինքն ըստ ինքեան կրնայ արժէք ունենալ, սակայն յարաբերաբար շրջապատին, մեծ արժէք մը չի՛ ներկայացներ: Ոսկին պէտք է փորձել կրակով, ո՛չ թէ տաք ջուրին մէջ մխրճելով: Իսկ պողպատին տոկունութիւնը՝ պողպատի՛ն զարնելով եւ ո՛չ թէ քարին հարուածելով կ՛իմացուի:
Հաւասարներու միջեւ խօսուած խօսակցութիւնն է, որ արժէք պիտի տայ նիւթը արծարծող անձերուն:
Անհաւասարներու մէջէն տկարը միշտ կրնայ վիրաւորուիլ եւ յուսալքուիլ, երբ զօրաւորը ո՛չ միայն կը պատմէ իր ուժին մասին, այլ նաեւ կը բանեցնէ զանիկա խօսակիցին վրայ: Ասիկա կը պատահի այն ատեն, երբ տկարը անկեղծութեամբ կը պատմէ իր դժուարութիւններուն մասին: Որովհետեւ նեղութեան մէջ եղողը կը նմանի ջուրը ինկող մարդուն, որ նոյնիսկ օձին կը փաթթուի, ջրամոյն չըլլալու համար: Ուրեմն, պէտք է պատմես՝ միայն քո՛ւ վիճակը ունեցողին, որովհետեւ ցաւողին ցաւակից ըլլալը, իսկ ուրախացողին ուրախակից, լաւագոյն մօտեցումն է նմանիդ հանդէպ ճիշդ վերաբերումի: