ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քեսապի մէջ եղանակը բաւական ցրտած է, անձրեւները սկսած են, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը փայտ կ՛ապահովէ ձմրան համար: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց քեսապահայ Կարօ Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ որոշ ընտանիքներ նաւթով պիտի ջերմանան ձմեռը: Կառավարութիւնը մօտ 100 ընտանիքներու 200 լիթր նաւթ ծախած է, մինչեւ տարեվերջ անիկա կրկին պիտի տրամադրուի:
«Ընդհանուր առմամբ իրավիճակը Քեսապի մէջ աւելի հանգիստ է, դպրոցները բնականոն կերպով կը գործեն, շուկաները եւ խանութները բաց են, մթերքի խնդիր չկայ, թէպէտ որոշ ապրանքներ սուղ են: Բոլոր եկեղեցիները կը գործեն որոշակի վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնելէ ետք», նշեց Մանճիկեան՝ աւելցնելով, որ միջադէպեր, մեծ իրադարձութիւններ տեղի չեն ունեցած:
Ելեկտրականութեան եւ ջուրի մասին ան նշեց, որ Քեսապի մէջ հոսանքը, համեմատած սուրիական միւս շրջաններու հետ, աւելի կանոնաւոր կերպով կը մատակարարուի, օրուան ընթացքին 6 ժամով կ՛անջատուի: æրամատակարարումը նոյնպէս բարելաւուած է, ջուրի խնդիր համարեա նկատելի չէ: Այնուամենայնիւ, մարդիկ խնայողաբար կ՛օգտագործեն իրենց ունեցածը:
Շրջանին մէջ կան փոքր պասեր, որոնք բնակիչները Քեսապէն Լաթաքիա կը տեղափոխեն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.