
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք-գերմանացի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «The Cut» ֆիլմի հայերէն ծանուցումը արդէն իսկ համացանցի վրայ է:
138 վայրկեան տեւողութեամբ անգլերէն ֆիլմը արդէն իսկ ամբողջութեամբ թարգմանուած է ֆրանսերէնի եւ արեւմտահայերէնի:
Ֆիլմի բենագրութեան հեղինակներն են Ֆաթիհ Աքինը եւ Մարտիկ Մարտինը: Ֆիլմը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած Նազարէթ Մանուկեանի մասին, որ Եղեռնէն տարիներ ետք կ՛իմանայ, թէ իր զոյգ աղջիկները ողջ են: Ան կը սկսի աղջիկները վերագտնելու իր փնտռտուքին: Մանուկեանի դերը կը մարմնաւորէ ալճերիացի դերասան Թահար Ռահիմը: Ֆիլմին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ Արսինէ Խանճեան, Սիմոն Աբգարեան, Աքին Ղազին եւ ուրիշներ:
Սիմոն Աբգարեան, խօսելով ֆիլմին մասին՝ նշած է, որ անիկա պիտի գոհացնէ հայերու ակնկալութիւնները: «Որեւէ բան ձեռնարկելու համար անհրաժեշտ էր, որ երեք սերունդ անցնի: Առաջին սերունդը պայքարեցաւ ողջ մնալու, երկրորդը՝ ապրելու համար, իսկ երրորդ սերունդը արդէն անցաւ գործողութիւններու եւ պայքարեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ տալու համար: Այդ պատմութիւնը պատմելու համար, միայն մէկ ֆիլմ բաւարար չէ: Շատ այլ ֆիլմեր հարկաւոր են», ըսած է Աբգարեան:
Ֆիլմի հայերէն ծանուցումը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=HlC7xEN97YY կայքէջին վրայ։
Ըստ թրքական «Զաման» թերթին՝ ֆիլմը Դեկտեմբեր 5էն սկսեալ պիտի ցուցադրուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ: