ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տոլարի կտրուկ սղիլը կրնայ Հայաստանի համար ունենալ թէ՛ դրական, եւ թէ բացասական ազդեցութիւն: ՀՀԿ գործադիր մարմինի նիստէն առաջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ անդրադառնալով վերջին օրերուն տոլարի փոխարժէքի կտրուկ աճին: «Դա կարող է բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր հասարակութեան կենսամակարդակի վրայ: Դա նաեւ կարող է օգնել մեր արտադրողներին, որպէսզի նրանք կարողանան արտադրութիւն կազմակերպել, իրացնել իրենց արտադրանքը, արտահանում կազմակերպել եւ ստեղծել նոր աշխատատեղեր», նշած է վարչապետը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ տոլարին փոխարժէքը յառաջիկային պիտի չնուազի՞՝ վարչապետ Աբրահամեան յայտնած է, որ ատիկա արդէն կը գտնուի Կեդրոնական դրամատան տիրոյթին մէջ:
24 Նոյեմբերին ամերիկեան մէկ տոլարի վաճառքի գինը հայաստանեան դրամատուներուն մէջ հասած է միջինը 435 դրամի՝ նախորդ օրուան հետ բաղդատելով սղելով 16.6 դրամով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.