Համազգայինի «Անի» պարախումբը հիմնուեցաւ 1974ին, Լոս Անճելըսի մէջ, եւ այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան քառասուն ամեակը:
Ծնունդ առած Սփիւռքի մէջ՝ մշակութասէր, ազգայնասէր արուեստագէտներու կողմէ, խումբը բացառիկ զոհողութեամբ դիմացաւ օտարութեան դժուարին պայմաններուն մէջ:
«Անի» պարախումբը Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ, հաւատարիմ Համազգայինի առաքելութեան՝ մեծ ներդրում ունեցաւ հայ մշակոյթին եւ հայապահպանման մէջ, տրուած ըլլալով, որ հայկական տոհմիկ պարը՝ հայ գրականութեան, հայ եկեղեցւոյ, հայոց պատմութեան եւ հայ երաժշտութեան կողքին, կը կազմէ հայ մշակոյթը, արտացոլացումը հայ հանճարին: Պարը, դիւրահաղորդ արուեստ մը ըլլալով՝ արագ կը խանդավառէ երիտասարդը, կ՛արթնցնէ իր հետաքրքրութիւնը ազգային հարցերու նկատմամբ եւ զայն կը ներշնչէ հայկականութեամբ:
«Անի» պարախումբի անդամները, առանց որեւէ վճարումի կը մարզուին, կը սորվին հայկական աւանդական եւ արդիական պարերը ու իրենց ներկայացումներու կատարելիութեամբ կը մրցին՝ պատուական տեղ գրաւելով արհեստավարժ պարախումբերու կողքին:
Վերջին քսան տարիներուն, հայրենի արուեստագէտ, պալէի վարպետ Նորայր Մեհրապեանի հետ ծանօթանալով եւ անոր ցուցմունքները ներմուծելով՝ «Անի» պարախումբը արձանագրեց նոր վերելքներ: Քառասուն տարիներու ընթացքին, 200է աւելի ներկայացումներ տուաւ, բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հայաստանի ու Արցախի մէջ, արժանացաւ բազմաթիւ գնահատագիրներու եւ շքանշաններու:
Վերոյիշեալ յաջողութիւնները «Անի» պարախումբը մեծապէս կը պարտի Սիւզի Բարսեղեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի անսահման սիրոյն՝ պարարուեստի հանդէպ, իրենց անսահման նուիրումին, բծախնդրութեան, խստապահանջութեան եւ կարգապահութեան, ինչպէս նաեւ՝ Ճէյն Հաշօլեանի ստեղծագործ կերպով իրագործած տարազներուն:
Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան ծնած է Պաղտատ. 1968ին ընտանիքին հետ գաղթած է Պէյրութ, ուր իր դպրոցական ուսման կողքին հետեւած է Սոնիա Փոլատեանի պալէի դասընթացքներուն, նաեւ Foyer de la Danse դպրոցին մէջ սորված է ժամանակակից պարեր: Մաս կազմած է Պէյրութի Համազգայինի «Քնար» պարախումբին եւ հանդէս եկած է որպէս մենակատար։
1974ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր տակաւին գոյութիւն չունէին հայկական պարախումբեր: Իր հօր՝ Յարութիւն Բարսեղեանի, քաջալերանքով հիմնած է «Սարդարապատ» պարախումբը։ Վեց ամիս ետք, Եղիա Հաշօլեանը գաղթած է Պէյրութէն եւ հաստատուած Քալիֆորնիա. երկուքը միասնաբար յանձն առած են պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարի եւ պարուսոյցի պաշտօնները եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն այդ գործը մեծ զոհողութեամբ ու բոլորովին անվճար:
Եղիա Հաշօլեան ծնած է Պէյրութ, յաճախած է հայկական վարժարան, սկսած է պարելու դպրոցական բեմերու վրայ, ապա մաս կազմած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբին: Պէյրութի մէջ հետեւած է Սոնիա Փոլատեանի պալէի դպրոցի դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ՝ Lizette Damsis-ի ժամանակակից պարերուն եւ Անի Տապայի պալէի դպրոցի դասերուն: Մաս կազմած է լիբանանեան արհեստավարժ Caracalla պարախումբին:
Քալիֆորնիոյ մէջ Եղիա Հաշօլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան 40 տարիներէ ի վեր հասցուցած են երեք սերունդէ հարիւրաւոր պարողներ եւ ներկայացուցած անզուգական ելոյթներ:
Այս գերազանց աշխատանքի արդիւնքը վայելելու առիթը պիտի ունենանք Դեկտեմբեր 13, 2014ի կէսօրէն ետք ժամը 6ին, Glendale High School-ի սրահին մէջ:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, «Անի» պարախումբը հանդէս պիտի գայ բացառիկ ելոյթով մը՝ ներկայացնելով ազատագրական պայքարը, մայիսեան յաղթանակը, անկախութեան կերտումը եւ հայ ժողովուրդի ոդիսականը… Ապացոյց մը, որ հայ ժողովուրդը կը վերապրի իր աննկուն կամքով, երգով, պարով, մշակոյթով եւ կը ներշնչէ նոր սերունդները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.