
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունած է դոկտ. Պրայըն ՄըքՏանըլտը Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին վերահսկիչ նշանակելու որոշումը, որ Նոյեմբեր 20ին միաձայնութեամբ ընտրուած է Փասատինայի Կրթական վարչութեան կողմէ։
Փասատինայի Հայ Դատը նաեւ շնորհաւորած է դոկտ. Պրայըն ՄըքՏանըլտը, որուն հետ մօտէն գործակցած է շրջանի հայ աշակերտները յուզող հարցերու շուրջ, եւ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի նախաձեռնութիւնները իրականացնելուն համար։
Դոկտ. Պրայըն ՄըքՏանըլտ Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին միացած է Հոկտեմբեր 2011ին, իբրեւ կրթական հարցերու գլխաւոր պատասխանատու, եւ այդ Մարմինի ժամանակաւոր վերահսկիչն էր՝ նշեալ նշանակումէն առաջ։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, ան յատկանշական բարեկարգումներ իրականացուցած է։ Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը յոյս յայտնած է դոկտ. Պրայըն ՄըքՏանըլտի հետ յարաբերութիւնները աւելիով սերտացնելու՝ միաժամանակ յաջողութիւն մաղթելով անոր։