ՊԸՐՊԵՆՔ.- Յունուար 17, 2015ին, Շաբաթ օր, «Ուուտպըրի» համալսարանէն ներս, Պըրպէնք, տեղի պիտի ունենայ միօրեայ գիտաժողով՝ նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հայ կանանց համախմբումին, որուն մաս կը կազմեն 13 հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Սոյն կանանց համախմբումին նպատակն է միասնականօրէն ծրագրել եւ յիշատակել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով բոլոր այն քաջարի հայ կիներուն, որոնք նահատակուեցան կամ կրցան գոյատեւել Ցեղասպանութեան սոսկալի տարիներուն:
Գիտաժողովը պիտի կեդրոնանայ հայ մշակոյթը պահպանելու ծանր աշխատանքին մէջ հայ կնոջ անխախտ հաւատքին եւ վճռակամութեան վրայ: Այդ օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցահանդէս եւ պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ՝ երկու բաժիններով կարեւոր քննարկումներ:
Օրուան բանախօսները պիտի կեդրոնանան յատկապէս հայ կնոջ գոյատեւման պայքարին եւ այս օրերու կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ գալիք մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանման գործընթացին վրայ:
«Որպէս հայ կիներ, բոլորս ալ կը հաւատանք, որ մեր հարուստ մշակոյթի պահապաններն ենք, եւ մեր պարտաւորութիւնն է նաեւ յիշատակը վառ պահել մեր մէկ ու կէս միլիոն անշիրիմ նահատակներուն: Լոս Անճելըսի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կանանց համախմբումի աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ «Memorial Book» գիրքի պատրաստութիւնը, որուն մանրամասնութիւնները կը գտնուին Facebook-ի վրայ, «Save Our Past, Memorial Book» խորագիրին տակ: Լոս Անճելըսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հայ կանանց համախմբումի նախաձեռնութիւնները քաջալերել փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները յղել AWC-LA c/o St. Gregory Armenian Church, 1510 E Mountain Ave. Glendale, CA 91207 հասցէին։ Համախմբումը նաեւ Facebook-ի վրայ կայքէջ մը կազմած է:
«Ի վերջոյ, հայ կինը հայ ընտանիքի սիւնն է եւ հայ ազգի եւ մշակոյթի արթուն պահակը», կը յիշէ համախմբումը իր հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.