ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Գահիրէի մէջ Դեկտեմբեր 4ին տեղի ունեցաւ «Ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան դիմակայման Ազհարի միջազգային խորհրդաժողով»ը, որուն կը մասնակցէին շուրջ 120 երկիրներէ աւելի քան 700 իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ:
Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք մեղք նկատուող բռնութիւն օգտագործեցին, իսլամութեան հետ որեւէ կապ չունին։ Քրիստոնեաներն ու այլ հաւատքի պատկանողները տեղահանելը դատապարտելի ոճիր մըն է»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ «քրիստոնեաներուն վնաս հասցնելը շեղում մըն է իսլամական կրօնքին մէջ ճիշդ համարուածէն եւ մարգարէին հրամայածէն: «Ճիհատ»ը ինքնապաշտպանութիւնն է եւ զայն յայտարարելը լիազօրութիւնը չէ ոեւէ անհատի կամ խմբաւորումի, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր հանգամանքը»:
Հաղորդագրութիւնը հոգեւորականներուն կոչ ուղղեց Պահրէյնի, Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ յարանուանական «հրդեհները մարելու մէջ իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնելու»: Անիկա նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու «Պաղեստինի մէջ սրբատեղիներու դէմ բռնագրաւման ուժի ոճիրներուն, եւ զանոնք գործողները միջազգային քրէական ատեան յանձնելու»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.