ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի հրաւէրով 5 Դեկտեմբերին նախարարութիւն այցելած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ հաստատած է, թէ Մայր Աթոռին կողմէ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի առաջատար, սակայն ընկերային հարցեր դիմագրաւող ուսանողներուն համար։
Ողջունելով Ամենայն հայոց հայրապետին այցելութիւն՝ նախարար Աշոտեան հաստատած է, որ կրթութեան ոլորտին եւ նախարարութեան համար օրը պատմական է՝ աւելցնելով, որ վեհափառին այցելութիւնը կը վկայէ, թէ ան որքան մօտէն հետաքրքրուած է կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտով։
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ կրթութեան ոլորտի պատմական համագործակցութեան՝ նշած է, որ կրթութիւնը միշտ եղած է եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւններէն մէկը: Վեհափառը իր գնահատանքի խօսքը յղած է նախարարին եւ աշխատակազմին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ծրագիրներուն մէջ ցուցաբերուող ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար. «Շարունակէք ձեր ազգանուէր գործունէութիւնը եւ գործադրէք ամենայն ջանք, որ ձեր ծանր ու պատասխանատու աշխատանքը լինի արգասաբեր ու պտղաբեր, որպէսզի մեր երկիրը զօրանայ եւ շէնանայ՝ ձեր աշխատանքի արդիւնքում»:
Իբրեւ նախարարութեան եւ կաթողիկոսութեան միջեւ համագործակցութեան յստակ դրսեւորումներ՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը նշած է դպրոցներուն մէջ «Հայ եկեղեցու պատմութիւն» առարկայի դասաւանդումը, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ Աստուածաբանութեան բաժանմունքի հիմնադրութիւնը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի ճանաչումը՝ իբրեւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, Հայորդեաց տուներու գործունէութիւնը Մայր եկեղեցւոյ վստահելու իրողութիւնը: Վեհափառը ընդգծած է նաեւ, որ կրթութեան ոլորտի ձեռքբերումները այսօր ակնյայտ են՝ մասնաւորապէս յիշելով միջազգային մրցումներուն հայ դպրոցականներուն արձանագրած յաջողութիւնները: Հանդիպման ընթացքին ան խոստացած է յատուկ ֆոնտ սահմանել՝ ընկերային հարցեր ունեցող եւ յառաջադէմ ուսանողներուն օժանդակելու համար։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Մայր Աթոռ-նախարարութիւն համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.