ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Թեհրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ շարունակուող բանակցութեանց ընթացքին Ուաշինկթըն Իրանի պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնքի տիրանալ: Ան Ուաշինկթընի մէջ, Իսրայէլի աջակցող «Սապան» հիմնարկին առջեւ իր խօսքին մէջ նշեց. «Իրանի նկատմամբ մեր կեցուածքին վերաբերեալ բազմաթիւ անհեթեթութիւններ լսեցինք: Շատ յստակ՝ հետեւեալ կեցուածքը պիտի յայտարարեմ. Իրանին պիտի չարտօնենք հիւլէական զէնքի տիրանալ, վերջակէ՛տ: Ո՛չ մէկ խօսք: Այնքան ատեն, որ հոս ենք, այդ հարցը տեղի պիտի չունենայ»:
Պայտըն ըսաւ նաեւ, որ Ուաշինկթըն Իրանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը մանրամասնօրէն կը քննարկէ, ապա համախմբումի մասնակիցներուն կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները չչափազանցելու: «Իսրայէլի ապահովութեան հարցին շուրջ մեր եւ իսրայէլացիներուն միջեւ որեւէ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Իբրեւ բարեկամներ, մեր պարտաւորութիւնն է անկեղծ կերպով խօսիլ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող մարտավարական տարակարծութեանց մասին եւ ոչ թէ անոնցմէ խուսափիլ»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Տաուտ Մոհամետ Նիա յայտնեց, որ Իրան, Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց յաջորդ հանգրուանին, աշխատանք պիտի տանի «իրանցիներու պահանջներն ու իրաւունքները իրագործելու»։ Ըստ անոր՝ «Արեւմուտքը մտահոգուեցաւ, որովհետեւ Թեհրան չէր ուզեր բանակցութիւնները երկարաձգել, եւ այդ պատճառով ալ արեւմտեան կողմը պահանջեց զայն երկարաձգել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.