ԼՈՆՏՈՆ.- Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Իպրահիմ Ռահիմփուր բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, որ Իրան օդային հարուածներ հասցուցած է Իրաքի մէջ գտնուող «Իսլամական պետութեան» դիրքերուն: Ռահիմփուր յայտնած է, որ Իրան այս հարուածներուն դիմած է՝ Իրաքի մէջ իր «ընկերներուն շահերը պաշտպանելու համար»:
«Մենք չենք ունեցած գործողութիւններու որեւէ համակարգում ամերիկացիներուն հետ: Մենք օդային հարուածները համակարգած ենք միայն Իրաքի կառավարութեան հետ», նշած է փոխնախարարը:
Յիշեցնենք, որ Փենթակոնը Դեկտեմբեր 3ին յայտնած էր, որ Իրան հարուածած է Իրաքի մէջ իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերը: Թեհրան օրին հերքած էր այդ լուրը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ շեշտած է, որ Իրաքի մէջ իրանեան օդային հարուածները թիրախ դարձուցած են այնպիսի վայրեր, ուր ամերիկեան օդանաւեր չեն գործեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.