
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Նոյեմբեր 25, 2014ին, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Կլենտէյլի կեդրոնատեղի այցելեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ իր պատուիրակութեան հետ նախ հանդիպեցաւ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին կողմէ հրաւիրուած փոքրիկներուն եւ ապա ՀՕՄի անդամներուն ու հիւրերուն հետ: ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը, Գոհաբանութեան տօնին առիթով, յատուկ աշխատանքներով կրցաւ ուրախացնել կարօտեալ ընտանիքներ, Կլենտէյլի եւ Փասատինայի շրջաններէն ներս:
ՀՕՄի անունով ներկաները ողջունեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Մաթոսեանը, որ ընդգծելով ՀՕՄի մեծ ընտանիքին Արցախին օգտակար հանդիսանալու պատրաստակամութիւնը՝ նշեց ՀՕՄին կողմէ ցարդ իրականացուող արցախեան ծրագիրները եւ վստահեցուց, որ անոնք պիտի շարունակուին:
«Արցախեան անկախութեան առաջին օրէն իսկ, թէեւ ֆիզիքապէս հեռու մեր հարազատ հողերէն՝ մեր հոգիները հայրենիքով կը շնչեն եւ մեր սիրտերը հայրենիքով կը բաբախեն: Մենք կը ցաւինք եւ կ՛ըմբոստանանք, երբ մարդու ձեռքով գործուած անմարդկային արարքներ կը դիմագրաւենք հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին», ըսաւ Մաթոսեան եւ շրջանի ՀՕՄի մեծ ընտանիքին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց տեղական կարիքներուն զուգահեռ՝ սատարել նաեւ «Հայաստանին, Արցախին, æաւախքին, ներկայիս ահաւոր դժուարութիւններ դիմագրաւող սուրիահայութեան եւ ի սփիւռս աշխարհի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան՝ միաժամանակ քա՛ջ գիտակցելով, որ հայրենի հողի պաշտպանութեան համար, մեր ազգակիցներուն տարած աշխատանքը անհամեմատելի է, իսկ Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը բացառիկ արժէքներ են»:
Մաթոսեան նաեւ շեշտեց ներկայիս հրամայական նկատուող Արցախի վերաբնակեցման եւ արցախեան գորգագործութեան տարածման նպաստող ծրագիրներու յաջողութեանց օժանդակելու ՀՕՄի ճիգերը:
«Սիրելի պրն. նախագահ, ՀՕՄը կը պատկանի հայ ժողովուրդի այն հատուածին, որ պատնէշի վրայ կանգուն կեցած՝ պատրաստ է ծառայելու: Մենք կը զօրակցինք ձեր ծրագիրներուն, մենք պատրաստ ենք օժանդակելու եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրելու, յանուն մեր բոլոր հերոս նահատակներուն, յանուն Արցախի անվտանգութեան», եզրակացուց ատենապետուհին եւ բեմ հրաւիրեց նախագահ Սահակեանը, փոխանցելու համար իր պատգամը:
Քաջածանօթ ըլլալով ՀՕՄի ազգանուէր գործունէութեան, յատկապէս Արցախի մէջ, նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց զայն եւ այդ առումով ըսաւ. «Մենք գիտենք Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնը: Ես ուզում եմ, որ մեր հայկական կազմակերպութիւնները, որոնք աշխատանքներ են իրականացնում թէ՛ գաղափարախօսութեան առումով, թէ՛ բարեգործական գործունէութիւն իրականացնելու հետ կապուած, թէ՛ դաստիարակչական, թէ՛ կրթական, որ ընդօրինակեն Հայ Օգնութեան Միութեան գործունէութիւնը, եւ դա դարձնենք իբրեւ առաջնորդուելու միջոց»: Ապա, խօստանալով որ 2015ին, Արցախի մէջ ներկայ պիտի գտնուի ՀՕՄի 105ամեակի տօնախմբութեան՝ իր հպարտութիւնը յայտնեց անոր գոյութեան համար եւ զայն որակեց «լաւագոյն միջոց՝ մեր մարտահրաւէրների դիմակայման եւ յաջողութիւնների կերտման»:
Մատնանշելով կրթական ծրագիրներու կարեւորութիւնը՝ նախագահ Սահակեան ըսաւ. «Ես հակուած եմ, որ ձեզ հետ միասին այսօր, վաղը եւ ընդմիշտ դաստիարակենք եւ դաստիարակուենք հայրենիքի պաշտպանութեան շուրջ: Որովհետեւ դա լաւագոյն միջոցն է երջանիկ լինելու համար: Որովհետեւ առանց հայրենիքի՝ դժուար է ստեղծագործել, որովհետեւ առանց հայրենիքի՝ դժուար է արժանապատուութեան մասին խօսել»:
Իսկ եզրակացնելով իր պատգամը՝ Սահակեան իր սէրն ու յարգանքը փոխանցեց ՀՕՄին, Արցախի հզօրացման համագործակցութիւնը շարունակելու համոզումով:
Նախագահի տպաւորիչ պատգամէն ետք, Մարալ Մաթոսեան, Շրջ. վարչութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց նախագահին, առ ի երախտագիտութիւն արցախահայութեան մատուցած իր ծառայութեանց եւ ՀՕՄին հանդէպ ցուցաբերած հաւատքին:
Նախագահին կ՛ընկերակցէին Արցախի թեմի առաջնորդ Պարթեւ արք. Մարտիրոսեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, ԱՄՆի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Սարգսեան, ԱՄՆի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Արցախի փոխվարչապետ զօրավար Արթիւր Աղաբէկեան, Արցախի առողջապահութեան նախարար Արտիոմ Քուշքեան, Արցախի նախագահի բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան ու անդամ Անի Քէշիշեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան, շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններու, ՀՕՄի նախին Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Պաշօնական յայտագիրի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Սեղանը օրհնեց Արցախի թեմի առաջնորդ Պարթեւ արք. Մարտիրոսեան: Աւանդոյթ դարձած հիւրասիրութեան այս բաժինը գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ ներկաներուն, զրուցելու, մօտէն ծանօթանալու եւ յիշատակի լուսանկարներ ունենալու հայրենի հիւրերուն հետ:
***
ՀՕՄի նուիրատուները օգնեցին, որ ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի կարիքաւոր ընտանիքները Գոհաբանութեան տօնին առիթով առաւել բարօր պայմաններ ունենան:
Կէսօրէն ետք, ՀՕՄի Կլենտէյլի կեդրոնը հասած էին Շամլեան Ազգ. վարժարանէն ծնողական յանձնախումբի անդամներ եւ խումբ մը աշակերտներ, որոնք տասը կարիքաւոր ընտանիքներու Գոհաբանութեան յատուկ ճաշեր նուիրեցին:
Աւելի ուշ, երկրորդ տարին ըլլալով, «Շամսի» իրաւաբանական գրասենեակի տէր Շահապ եւ Նատիա Շամսիները եւ տիկին Ճեսիքա Վարդուկեանը կարօտեալ ընտանիքներու փոքրիկներուն համար Գոհաբանութեան օրուան զուարճալի յայտագիր մը եւ ընթրիքի հիւրասիրութիւն տրամադրեցին: Շամսիները նաեւ նուիրած էին 100 սառած հնդկահաւեր, որոնք յանձնուեցան ծրագիրին մասնակցող ընտանիքներուն:
Փոքրիկները բարձր տրամադրութեամբ, հայերէն երգերով ու հայկական պարով ընդունեցին նախագահ Սահակեանն ու իր պատուիրակութիւնը:
Նաեւ, ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ քոնկրեսական Ճիւտի Չուի կողմէ հնդկահաւեր տրամադրելու տարեկան ծրագիրին եւ Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարտի «Կոպըլ Կոպըլ» գործողութեանց, որոնց միջոցով Փասատինայի շրջանէն ընտանիքներ հնդկահաւեր ստացան:
Շնորհակալ ենք, որ հովանաւորները կը շարունակեն օժանդակել ՀՕՄի տեղական եւ միջազգային ծրագիրներուն: Կը խնդրենք, որ տօնական օրերուն չմոռնաք կարիքաւոր ընտանիքները եւ ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները փոխանցէք ՀՕՄի գրասենեակ՝ ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Ave., Glendale, CA 91202, կամ կայքէջին միջոցով՝ www.arswestusa.org:
***
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին՝ իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, Հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ:
Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքէջը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: