
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
«Հրճուանքը հոգւոյս, որ դուստրս կոչեցի Նայիրի,
Ան ալ իր կարգին զիս կոչեց՝ Իմ ԿԱՅԼԱԿ»
Այսպէս ծնաւ Կայլակ անունը, երբ 12ամեայ ամերիկածին դուստրը՝ Նայիրին, ընթերցելով հօր՝ Մկօ Փանոսեանի, ստեղծագործութիւնները, զինք նմանցուց անապատի մոլորած մարդոց պապակը յագեցնող ջուրի կայլակին:
Եւ ծնաւ Կայլակը…
Այո՛, աշխարհի տարածքին, աշխարհացրիւ հայ մարդու պապակած հոգին ու սիրտը կայլակ մը մեսրոպաշունչ երգով զովացնող, իսկ միտքը՝ կայլակ մը երկով յագեցնող: Կայլակ… այդ մէկ շիթ ջուրին մէջ ամփոփուած է զգայուն հոգին մեր երիտասարդ բանաստեղծ Մկօ Փանոսեանի, որ ծնած է Լիբանանի հայաշատ գաղութին մէջ, նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան ապա Սուրէն Խանամիրեան Ազգային վարժարաններէն, ազգային դաստիարակութիւն ջամբող հայրենաւանդ ուսուցիչներու, յատկապէս՝ Շաքէ Եագուպեանի շունչով դաստիարակուած, լիցքաւորուած հայ գրականութեան դասականներով եւ ներշնչուած հայրենասիրութեամբ, հայոց լեզուի պաշտամունքով եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ հաւատարմութեամբ: Անոր դիւրազգաց հոգին միշտ ալ մերժած է մարդկայն կեանքին մէջ տիրող անիրաւութիւնը, խռոված է միտքը ու իր մէջ կուտակած հայ ժողովուրդի կրած անարդարութեան հանդէպ բողոք ու բարկութիւն: Ի վերջոյ, նախակրթարանի աշակերտ, պատանի Մկօն իր զայրոյթը դրսեւորած է երկարաշունչ բանաստեղծութեամբ մը՝ «Մեծ Եղեռն» խորագիրով, օրին հրատարկուած «Ազդակ» օրաթերթի էջերով, իսկ բանաւոր իր ձայնը լսելի դարձուցած է՝ մեծ ապրումով ասմունքելով Հայոց Ցեղասպանութեան առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին, ապշեցնելով հազարաւոր ներկաները։
Այդ եղաւ մեկնակէտը Մկօ Փանոսեանին, վաղուան Կայլակին. հազիւ տասնամեակ մը բոլորած Մկօն իր առաջին քայլերը կը նետէր գրականութեան անդաստանէն ներս՝ որպէս ապագայի խոստմնալից բանաստեղծ. այսպիսով, ուսուցիչներու եւ շրջապատի քաջալերանքով յաճախակի կը դառնար «Ազդակ»ի էջերուն վրայ անոր անուան երեւումը:
Սակայն, հայու ճակատագիրը ամէն տեղ եւ ամէնուր նոյնն է, կը հալածէ հայորդիները: Ութսունական թուականներուն զոհը լիբանանահայութիւնն էր. Լիբանանի քաղաքական աննպաստ պայմանները պարտադրած էին Փանոսեան ընտանիքին՝ գաղթականութեան ցուպը ձեռք առնելով ճամբայ իյնալու դէպի հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Երիտասարդ ընտանիքը նոր աշխարհին մէջ իր հինգ զաւակներու ապրուստը հոգալու նախանձախնդրութեամբ լծուեցաւ աշխատանքի. մեր փոքրիկ բանաստեղծը կորսնցուցած էր իր ներշնչարանը՝ հայկական վարժարանը, իր հոգատար ուսուցիչները, հայկական գաղութի հայաբոյր մթնոլորտը, եւ ինքզինք գտած այլազան ազգութիւններով շրջապատուած խառն շրջապատի մը մէջ: Բայց արդէն երիտասարդութեան սեմին եղող Մկօն, շատ արագ յարմարեցաւ այս նոր աշխարհին, որովհետեւ գտած էր իր ներշնչարանը, այս անգամ՝ հայկական եկեղեցւոյ խնկաբոյր արաստաղներուն ներքեւ. անոր սիրով զեղուն հոգին հիմա սկսած էր իրեն մէջ աճեցնելու Աստուծոյ հանդէպ մանկութենէն իսկ ունեցած յատուկ սէրն ու յարգանքը՝ դարձնելով զայն ներշնչման նոր աղբիւր, ջլատիչ ճիգով վանելով իրմէ օտարամուտ հոսանքներն ու ճնշումները, միշտ տեղի տալով Աստուծոյ, բարիի, հայրենիքի եւ հայոց լեզուի հանդէպ տածած սիրոյ զգացումին:
«Եկեղեցին մեր խոնարհ, պատգա՛մն է տիեզերքի,
Ուր դրոշմեց տէր Աստուած, ճակատագիրը հայի:
Իրմով էր ներշնչուած այբուբենը Մաշտոցի,
Զոր կոչեց Այբն Արարիչ, իսկ Քէն՝ Քրիստոս կենսալի,
Եւ պահեց բարձրաթռիչ, ազգ, մշակոյթ ու ոգի»։
Մկոյի հոգեկան ապրումները այնքան մաքուր այնքան քնքուշ եւ ինքնատուր էին, որ գրիչը յաջողեցաւ այս օտար ափերուն եւս արտահոսել հոգիին խռովքը. միտքին մէջ ամբարուած բառերով անոնք մարմին առին, նախ որպէս հայրենասիրական երգեր, ապա՝ քնարաշունչ բանաստեղծական թռիչքով խօսքեր, որոնք հայ երաժիշտներու, ինչպէս՝ Սալբի Քէլէշեանի, Գառնիկ Սարգիսեանի, Անթուան Պէզճեանի, Քրիստափոր Արապեանի, Ժոզէֆ Գրիգորեանի, Սեդրակ Ովիկեանի, Արա Շահպազեանի, Շիրազ Եղիազարեանի, Սահակ Սիսլեանի, Աւօ Նաճարեանի եւ Գուրգէնի թովիչ շունչին տակ, վերածուեցան մօտաւորապէս 50 սքանչելի երգերու, խանդավառեցին եւ խրախուսեցին հայ մարդը զանազան առիթներով եւ դարձան ժողովուրդի սեփականութիւնը:
Այսպիսով, Հայոց աշխարհի իւրաքանչիւր դէպք, յաղթանակ թէ ընկրկում, նուաճում թէ նահանջ, երիտասարդ Մկոյի հոգեմտաւոր աշխարհը կը սարսէր իր ընթերքէն եւ միտքը կ՛ենթարկէր ահազանգի. մանկութենէն անթեղած մեսրոպաշունչ բառերը իր մտածումներուն թռիչք կու տային, իսկ բառերուն՝ ձեւ, ու երկունքի ցաւերով կ՛երկնէր բանաստեղծութիւնը, միաժամանակ կը մարմնաւորուէր բանաստեղծը:
Այսպիսով, Մկօ Փանոսեան իր երախայրիք «Սէր ու Կրակ»ով, 2013ին յաղթական մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, որպէս՝ Կայլակ: Ծնաւ անդրանիկ հատորը՝ «Սէր ու Կրակ»ը, «վերյիշեցնելու սէրը հայոց սրտին ու վառելու կրակը իր ըմբոստ պայքարին», որուն ընդմէջէն կը լսենք բանաստեղծի հաւատարմութիւնն ու կապուածութիւնը հայ մշակոյթին՝ հաւատալով, որ մշակոյթն է հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքը։
Սէր ու Կրակ արտայայտող բանաստեծութիւնները չմնացին ծուարած գիրքի էջերուն մէջ, այլ անոնք տարածուեցան ու դարձան սեփականութիւնը հայ մարդուն՝ երգելով, արտասանելով, կարդալով. յատկապէս հայ աշակերտի շրթներուն, դարձան տօնակատարութիւններու ներբող, ոգեկոչումներու փառաբանութիւն եւ խրախճանքներու խանդավառութիւն, մինչ այդ՝ Կայլակը դարձնելով սեփականութիւնը ոչ միայն Քալիֆորնիոյ հայ գաղութին, այլ անոր սահմաններէն անցնելով դէպի Սփիւռքի հայկական գաղութները:
Կայլակ ա՛լ իրաւունք չունէր լռելու, պէտք էր խօսէր, պէտք էր գրէր եւ երգէր. ան ոչ միայն գրեց, այլ պոռթկաց եւ բողոքեց ի տես քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան կրկնօրինակին՝ քսանմէկերորդ դարու սեմին պատահող. պոռթկաց ի տես Հալէպի անցուդարձերուն, քրիստոնեաներու եւ հայերու անարգօրէն զոհուելուն, սպանդին, եկեղեցիներու պղծումին եւ քրիստոնեայ կրօնաւորներու «ալլահ աքպար»ի անունով մորթազերծման. դարձեալ երկունքի ցաւերով ծնունդ տուաւ նոր ապրումներու՝ աշխարհի երեսն ի վեր շպրտելու մարդկային անարդարութիւնը, եւ ծնաւ «Բողոքում Եմ» բանաստեղծութիւնը.
«Մինչեւ ե՞րբ պիտի թողնես անգութի
Սիրտը սաւառնի կրկին ու կրկին,
Մինչեւ ե՞րբ զաւակները քո
Մորթուեն «ալլահ աքպար» կանչոցով»…
Պէտք էր այս բողոքի ձայնը լսելի դարձնել աշխարհին, եւ լաւագոյն հասանելի ձայնը հայ մարդու հոգիին մօտիկ Նունէ Աւետիսեանն էր, որ իր համակ էութեամբ կարդաց ու մեկնաբանեց «Բողոքում Եմ»ը՝ յատուկ պատրաստուած տեսաերիզի մը ընդմէջէն, որ ճեղքեց սահմանները եւ այս անգամ հասաւ մինչեւ հայրենիք: Կայլակ այս անգամ նուաճած էր նաեւ հայրենիքի մէջ ապրող հայ մարդու հոգին ու միտքը. ան ներշնչեց մատղաշ սերունդներ ու վառեց կրակը իր արդար Դատին:
Կայլակ շարունակեց գրել իր երգերը արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով՝ գրաւելով հայրենի արուեստագէտներու ուշադրութիւնը. առաջինը եղաւ հայրենի ժողովրդական երգերու նորագոյն մատղաշ ձայներէն Եւա Եգանեանը, որ իր ձայնի գեղեցիկ ելեւէջներով մեկնաբանեց Կայլակի ստեղծագործութիւնը՝ «Երկիր Իմ Սուրբ»ը, որ շուտով սեփականութիւնը կը դառնայ ժողովուրդին՝ գեղեցիկ տեսաերիզով մը. անոր պիտի յաջորդէ Ինկա եւ Անոյշ քոյրերու նոր երգը եւ Քեսապի հայաթափման ի պատասխան «Ճիչ Քեսապէն»ը, որ մօտօրէն պիտի լսենք Գառնիկ Սարգիսեանի մեկնաբանութեամբ:
«Կը լսուին ողբի ձայներ գրիչէս,
Կը բխի արի՜ւն, այրած էջերէս…
Երբ երգեմ յանկարծ ճիչը Քեսապի,
Կը փակուին ամպոտ փեղկերն Դրախտի»։
Կայլակի ապագայ ծրագիրն է նոր հատոր մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին. անիկա պիտի ըլլայ պատգամ մը նոր սերունդին, ո՛չ յուշ, այլ երազ, ո՛չ պատմական պատահարներու կրկնութիւն, այլ նոր սերունդի կեցուածքն ու գալիք դարու ծրագիրները:
Կայլակի նպատակն է իր աստուածատուր շնորհքը մարդկութեան բաշխել իր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն եւ ուղղել ժողովուրդը դէպի ՍԷՐ…
Սէր Աստուծոյ, սէր մարդկութեան, սէր հայրենիքի:
Ներշնչել ժողովուրդը, թէ սէրն է, որ պիտի նուաճէ ամէն չարիք:
Ներշնչել նոր սերունդը, թէ մշակոյթն է, որ մնայուն է եւ երաշխիքն է ժողովուրդի գոյատեւման:
Ներշնչել հայ աշակերտը, աճեցնել հայ լեզուին հանդէպ սէր, պաշտամունք ու տարբանք՝ երգով ու ասմունքով:
Ի խնդութիւն Կայլակի, այսօր արդէն իր քայլերուն սկսած է հետեւելու իր դուստրը՝ Նայիրին. Կայլակի երազն է, որ, ինչպէս Նայիրին ներշնչուեցաւ իրմով, այդ ալիքն ու գրգիռը փոխանցուի բոլոր հայ աշակերտներուն. անոնք մօտէն ծանօթանան, կարդան բանաստեղծութիւններ, առնչուին հայ բանաստեղծներու հետ, բաժնեն անոնց ապրումները, որոնք հայ մարդու ապրումներ են, հայ մարդու տագնապներն ու խռովքներն են, եւ դառնան վաղուան արժանաւոր սպասարկուները Մեսրոպ Մաշտոցի:
Յաջողութիւն կը մաղթենք Կայլակին. թող Հայոց աշխարհը մնայուն նրշնչման աղբիւր դառնայ իրեն, հայոց հրաշափայլ բառերը զուլալ աղբիւրներու նման հոսին իր գրիչէն՝ շարունակելով բեղմնաւորել Աստուծոյ իրեն տուած շնորհքը, երազները իրականանան, կայլակները բազմանան ու դառնան ծովեր՝ ոռոգելով հայ գրականութեան անդաստանը:
——————–
Մորթուած՝ Սուրիահայ Եւ Մոլորակի Բոլոր Անմեղ Նահատակների Յիշատակին
ԲՈՂՈՔՈՒՄ ԵՄ…
Հիւանդ է, Աստուա՜ծ, հոգին իմ տրտում,
Հիւանդ ու կորած՝ մռայլ աշխարհում,
Եւ անհաշտ կեանքին, մտքին իր խոհուն,
Սրտին ալեկոծ ու միշտ դողդոջուն,
Հիւանդ է հոգիս, ո՜վ Սէր իմ անհուն։
Դէ՜հ, օրհնել ես զիս իմ երազներում,
Խօսել ես ինձ հետ, անգամներ՝ թաքուն…
Օրհնել ես ամբողջ ընտանիքը իմ,
Կատարել՝ բարի փափաքներըս լի,
Սակայն հոգւոյս մէջ թողել ես մի բեռ,
Մի բեռ՝ ահաւոր եւ անտանելի,
Բեռ, որ հիւծում է հոգիս ախտալի
Ու շպրտում ինձ՝ խորը անդունդի։
Փորձում եմ պահել խոստումներըս մեծ
Որ հաճոյ լինեմ քեզ՝ ամենատես։
Փորձում եմ ապրել սիրովըդ անշէջ,
Արեամբ ալեխռով այս աշխարհի մէջ.
Բայց տեսնո՞ւմ ես դու… սրտեր ոխակալ
Որ կանչելով սուրբ անունըդ արդար՝
Մարդիկ են մորթում անթիւ, անհամար.
Ահա տե՜ս, ինչպէս որդիները քո
Ողջակիզւում են «ալլահ աքպար»ով…
Աչքերով տեսայ իմ հիասթափուած,
Պատկերի ետին՝ սրտադող մարդկանց,
Ծնկաչոք սրտով՝ մէջը ամբոխին,
Մտքով աղօթում՝ որ նայես երկրին
Ու պարգեւես խիղճ՝ հըրէ՛շ ոսոխին։
Չտեսայ, ո՛չ քեզ, ո՛չ գութ մարդկային…
Մինչդեռ զարհուրած իմ միտքը մոլոր
Չի կարող ապրել խաղաղ ու անդորր,
Էլ բաւ է, ո՜վ Տէր, անմեղ էակներ,
Այս յառաջադէմ օրէնքների մէջ
Դեռ ահաբեկուեն, հալածուեն անվերջ։
Մինչեւ ե՞րբ պիտի թողնես անգութի
Սիրտը սաւառնի կրկին ու կրկին,
Մինչեւ ե՞րբ պիտի զաւակները քո
Մորթըւեն «ալլահ աքպար» կանչոցով…
Ու ես հաշտըւե՞մ անասուն մարդուն,
Ինչպէ՞ս հաշտըւեմ, ո՜հ, ասա ինձ դու.
Ասա ինձ մի խօսք, ըսփոփիր հոգիս,
Ցոյց տուր գութը քո, լոյս տուր սուգ սրտիս,
Վերջ դիր զիս այրող յորդ արցունքներին
Որ կրկին ժպտեմ, այս դառըն կեանքին։
Մինչ ես անջատուած, հիւանդ ու ամփոփ՝
Մաքրել եմ արդէն մատներըս գինով
Եւ սպասում քեզ, քո նոր պատգամին,
Որ դարձեալ գրեմ Սէ՜ր իմ աշխարհին։
Ո՜հ, ճարը միայն դու ես միշտ եղել,
Գուցէ այս մեղքն էլ քոնն է միշտ եղել՝
Թողնելով ազատ կամքեր ահաւոր…
Գիտեմ թէ թո՛յն է խօսքըս վիրաւոր,
Ու ենթարկում զիս՝ կեանքին մեղաւոր։
Սակայն ընդունի՛ր, երգըս տանջըւող,
Ընդունիր, ինչպէս սրտէս մի աղօթք,
Թէեւ սէգ հոգւոյս կոչից նա ծնաւ,
Դաժան աշխարհի արցունքը լացաւ…
Ընդունի՛ր Աստուած, իսկ թէ հարկ լինի՝
Վերցուր կամքն ազատ մարդոցմէ վայրի,
Տուր խաղաղութիւն թշուառ աշխարհին,
Կամ՝ պնդէ՛ նրանց, որ քեզ ընդունեն,
Գուցէ ես տեսնեմ, հոգիս վարարեմ,
Թէ որ չտեսնեմ՝ հիւանդ կը մեռնեմ…
ԵՐԿԻՐ ԻՄ ՍՈՒՐԲ
Թէ՛ սիրալիր, թէ՛ մենաւոր, մի մեղրահոս աղբիւր ես լուռ,
Քամիների դէմ բիւրաւոր՝ քո սրտադող յոյսն ես խոկում,
æրերդ հոսում են՝ փնտռելով ամէն կորած սէրը մարդու,
Սիրտըդ լցւում է մի թախծով, որ ոչ մի անձ չի հասկանում։
Չվհատուե՜ս, երկիր իմ սուրբ, մրըրկայոյզ ալեակներից,
Քանզի ունես մի նոր սերունդ, արարատեա՛ն արմատներից,
Թէեւ յոյսի իղձով սնւում՝ քո մայրական ջրվէժների,
Արծիւների պէս սաւառնում՝ քո պատմական հողի եզրին…
Ես, քո նման ամփոփ կեանքով, կայլակներըդ եմ պահելու,
Կեանքըս կը տամ յօժար կամքով, սիրտըս սրտիդ մէջ ձուլելու,
Որոնում եմ ձեռքերդ անխոնջ, լոկ շուրթերը իմ օծելու,
Մինչեւ վերջին շունչըս դողդոջ, քո սուրբ անունն եմ երգելու։
ՈՒԶԵՑԻ ԹՌՉԻԼ…
Ուզեցի թռչիլ ազատ, անկաշկանդ,
Հարբած երազըս խանդաբորբելու…
Որ ետ, ե՜տ երթամ դար մը՝ անարդար,
Հայ ազգիս վայրագ ջարդը տեսնելու։
Ուզեցի թռչիլ կայծերով մտքիս,
Եւ մե՜ղմ, լիաշունչ զեփիւռով անտես,
Որ հոգւոյս մէջէն անցնի՛ն ցաւ ու վիշտ,
Որ յստակ տեսնեմ, աչքերով իմ հեզ։
Ուզեցի թռչիլ անդորր ու վայրի,
Անդորր՝ սրտիս լուռ մառախուղին պէս,
Վայրի՝ բիբերու լոյսովն արծիւի,
Որ ո՛չ մի տանջանք խուսափի աչքէս։
Ուզեցի թռչիլ, յիշելու նորէն
Մեր սուրբ պատիւը շնչահեղձ երկրի,
Որ նոր սերունդիս պատմեմ հայօրէ՛ն,
Վէրքերն ահաւոր իմ թշուառ ցեղի։
Եւ այսպէս մենա՜կ ուզեցի թռչիլ…
Մուգ տիեզերքին՝ հայու թեւերով,
Որ բորբ ու բոսոր սուրը իմ աչքիս՝
Խոցեմ ի՛ր սրտին, եւ մէկ հարուածով։
ԿԱՅԼԱԿ