ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 25ամեայ Մերի Շաքարեան «Զատիկ» մանկատան շրջանաւարտներէն է եւ արդէն 7 տարիէ կը սպասէ պետութեան խոստացած բնակարանին:
«Ազատութեան» թղթակից Լիանա Մնացականեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մերին կը պատմէ, որ մանկատունէն դուրս գալէն ետք ստիպուած է 10 ամսական երեխային հետ ապրիլ Մասիս քաղաքին մէջ լքուած հիմնարկութեան շէնքին մէջ, ուր չկան տարրական կենցաղային պայմաններ՝ ջրամատակարարում, ապակեպատ պատուհաններ:
Մերին աշխատանք չունի ու ի վիճակի չէ նոյնիսկ փոքրիկ սենեակ վարձելու: Պարբերաբար կ՛այցելէ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն՝ պարզելու, թէ ե՞րբ ի վերջոյ իր կարգը պիտի գայ, սակայն զինք նոյնիսկ չեն ընդունած։
Պաշտօնական տուեալներով՝ այսօր բնակարանի իրենց հերթին կը սպասեն 350 մանկատուներու շրջանաւարտներ եւ առանց ծնողական խնամքի մնացածներ:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ նախորդ ձախողած ծրագիրէն ետք կա՞յ յստակ ժամկէտ եւ յատուկ առանձնացուած գումար՝ նոր բնակարաններու տրամադրման համար՝ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային աջակցութեան վարչութեան պետ Աստղիկ Մինասեան ըսած է, թէ իրենք դեռ մարզպետարաններէն տուեալներ կը հաւաքեն շէնք-շինութիւններու վերաբերեալ եւ կրկին պիտի ճշդեն կարիքաւորներու ցանկերը. «Այս պահին կոնկրետ որեւէ որոշում չկայ: Բայց անընդհատ այս հարցերը քննարկւում են, եւ այն շինութիւնները, որոնք վերանորոգման, կապիտալ վերանորոգման կամ անաւարտի շինարարութեան արդիւնքում հնարաւոր կը լինի դարձնել սոցիալական բնակարանային ֆոնտ, ի հարկէ, դրանք կը լինեն»:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի խորհրդական Աննա Սաֆարեան յայտնած է, որ իրենց կը դիմեն մանկատուներու բազմաթիւ շրջանաւարտներ, ոմանք կը բողոքեն չվերջացող հերթէն, ոմանք ալ՝ արդէն տրամադրուած բնակարաններուն որակէն:
«Մանկատնից դուրս գալուց յետոյ պետութիւնը, բացի որոշ դէպքերում տրուող բնակարաններից, այլեւս ոչ մի կերպ չի աջակցում», ըսած է Սաֆարեան՝ յիշեցնելով, որ վերջերս մանկատան շրջանաւարտ մը մահացած էր ցրտահարութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.