ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 11ին, ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք հաղորդած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները հանդիպումներ պիտի ունենան Պերլինի մէջ։
Միջնորդները ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով պիտի խորհրդակցին գերմանացի պաշտօնատարներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, համանախագահները առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.