ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս», հիմնուելով ատրպէյճանական «Մինվալ» լրատուական կայքի տեղեկատուութեան վրայ՝ կը հաղորդէ հետեւեալ լուրը.
Տարիներ շարունակ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն՝ Ուաշինկթընի հետ իրենց յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար, սակայն որպէս պատասխան, դրական յատկանշական արդիւնքներ չեն ստանար «ժողովրդավարութեան օրրան»էն։
«Ենի Մուսաւաթ» թերթին համաձայն՝ վերջին շրջանին Պաքուի հասցէին կատարուած Ամերիկայի բազմաթիւ խիստ յայտարարութիւնները, այդ կարգին նաեւ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան տեղեկագիրին մէջ առկայ արտակարգ կարծրութիւնը, սաստիկ զայրոյթ պատճառած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն։
Երկար տարիներ, քանի մը անձերու միջոցաւ, իշխանութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն Ամերիկայի հետ անպաշտօն յարաբերութիւններ պահպանելու համար։ Յանուն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, պաշտ-պանութեան այդ միջոցները կը ծախսուին ծերակուտականներու, քոնկրեսականներու եւ Ամերիկայի զանազան պետական կառոյցներու բարձրաստիճան անձերու հետ համագործակցութեան անուան տակ։ Սակայն մինչեւ հիմա միայն խիստ յայտարարութիւններ կը հնչեն, եւ ամերիկեան իշխանութիւնները Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը պաշտպանող որեւէ յայտարարութիւն չեն ըներ, հակառակ անոր, որ փոխադրութեան հարցերու նախարար Զիա Մամետովի շրջանակը, որ պատասխանատու է Ամերիկայի մէջ լոպիական գործունէութեան, յամառօրէն աջակցութեան յայտարարութիւններ կը պահանջէ ամերիկացիներէն։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խստօրէն քննադատեցին Ամերիկայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատունը, նաեւ՝ Ամերիկա-Ատրպէյճան միութեան ղեկավար Անար Մամետովը )Զիա Մամետովի որդին), արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ առաջատար դէմքեր, երեսփոխաններ, որոնք իրենց տեղեկագիրներուն մէջ կը պնդեն, թէ Ամերիկայի հետ անհրաժեշտ աշխատանքներ կը կատարուին եւ համապատասխան շրջանակները «վնասազերծուած են»։
Երկար տարիներ ջանք տարուած է, որ յարաբերութիւնները բնականոն դառնան անպաշտօն մակարդակներու վրայ, սակայն այսօր կ՛երեւի, որ իրական ո՛չ մէկ աջակցութիւն կայ։ Այն շրջանակները, որոնք իշխանութիւններուն ներկայացուած են որպէս կողմնակիցներ, երես դարձուցած են ատրպէյճանական լոպիէն եւ իրական պաշտպանութիւն չէ կատարուած անոնց կողմէ։
Այս իրողութիւնները նկատի ունենալով՝ իշխանութիւնները մտադիր են լրջօրէն պատժել բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք հաւաստիացումներ կու տային Ամերիկայէն աջակցութիւն ակնկալելու մասին։
Իշխանութեանց ներքին աղբիւրները կը հաղորդեն, որ այդ անձերը ո՛չ միայն պաշտօնազուրկ պիտի ըլլան, այլ նաեւ անոնցմէ պիտի խլուին ազդեցութեան ներքին լծակները։ Այսինքն՝ ներկայիս ատրպէյճանական իշխանութեան երկինքը ամերիկեան հովեր կը փչեն եւ այդ հովերը «պիտի քշեն ու տանին» կարգ մը յայտնի դէմքեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.