– Ակնարկելով շարք մը թուրք լրագրողներու ձերբակալութեան՝ բրիտանական «Կարտիըն» թերթը Դեկտեմբեր 17ին գրած է. «Էրտողանի Թուրքիան Արեւմուտքին համար վստահելի դաշնակից չէ»:
– Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած են, թէ եւրոպացի դիւանագէտներ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրայի ծրագիրը կը քննարկեն՝ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ներկայացուցած վտանգի շրջագիծին մէջ, եւ կը նախատեսուի, որ եւրոպացիները, քննարկման աւարտին, հրապարակեն հաղորդագրութիւն մը, որ յաջորդ քայլերուն վերաբերեալ հասարակաց կեցուածքը պիտի յստակացնէ:
– Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Իրաքի մէջ սէուտական նոր դեսպանատան վայրը պիտի ըլլայ ապահովական խիստ միոցառումներու ներքեւ գտնուող Պաղտատի «Կանաչ գօտի»ին մէջ: Անոր ճշգրիտ վայրը եւ այլ մանրամասնութիւններ քննելու համար, սէուտական պատուիրակութիւն մը Իրաք պիտի այցելէ քանի մը շաբաթէն։ Նախկին դեսպանատունը փակուած էր 1990ին, երբ Ռիատ խզած էր Պաղտատի հետ յարաբերութիւնները, Քուէյթի ներխուժման պատճառով։
– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գլխաւորած է «2014ի ամենաազդեցիկ մարդոց» ցանկը, որ կազմուած է ֆրանսական «Աժանս Ֆրանս Փրէս» («Ա.Էֆ.Թէ.») լրատու գործակալութեան կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.