
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Հռոմի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կրնան զարգանալ միայն հաւասար պայմաններու մէջ, միաժամանակ՝ «անհեռանկար» որակելով Ռուսիոյ վրայ ճնշումներ բանեցնելու ամերիկեան փորձերը՝ ակնարկելով Ռուսիոյ դէմ պարտադրուած պատժամիջոցներուն եւ յաւելեալ պատժամիջոցներու դիմելու սպառնալիքներուն։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին մասին իր հաղորդագրութեան մէջ նշած է. «Ուքրանիոյ հարաւարեւելքը տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հարցով՝ ընդգծուած է մինսկեան համաձայնութիւններու հետեւողական իրագործման եւ այդ նպատակով ստեղծուած խումբի նիստ հրաւիրելու անհրաժեշտութիւնը»: