ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» կայքի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը տեղեկացնէ, որ Կալաթասարայի «Ճեզայիր» հանդիսասրահին մէջ, Մարդկային իրաւունքներու շաբթուան առիթով Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16ի երեկոյեան տեղի ունեցած է հաւաք մը, որ նուիրուած էր Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան անցեալ եւ ներկայ վիճակին։
Հաւաքը կազմակերպուած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին ու Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի միութեան կողմէ։
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ հրաւիրուած էր Արեւմտահայաստանի (Անատոլու) մէջ հայաբնակ 19 քաղաքներու մշակութային ժառանգութիւններուն մասին խօսելու։
Նախ խօսք առած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի նախագահ, փաստաբան Ապտուլհաքի Պօղա, որ ըսած է, թէ միութիւնը միշտ զօրակից պիտի ըլլայ ազգային ինքնութիւնները կամ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն դէմ տարուած պայքարին։
Ապա ելոյթ ունեցած է միութեան ընդհանուր նախագահի տեղակալ, Ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի յանձնախումբի անդամ Մերալ Չըլտըր, որ յայտնած է, թէ շատ ուրախ է, որ Միլտանօղլու ընդունած է զեկուցել հայկական մշակութային ժառանգութիւններուն մասին, ապա դիտել տուած է, որ 2015ը Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակն է եւ այս առթիւ իր յանձնախումբը կազմակերպած է Ցեղասպանութեան ուրացումին դէմ պայքարի արշաւ մը։ Ան ըսած է, որ ուրացումը միայն 1915 թուականին չի վերաբերիր, այլ անոր զուգահեռ ուրացումի կ՛ենթարկուի նաեւ հայերու հազարաւոր տարիներու գոյութիւնը, պատմութիւնը եւ պատմական ժառանգութիւնը։ «Այս ուրացումին հետեւանքով ոչ միայն ամբողջ ժողովուրդ մը ոչնչացաւ, այլ ոչնչացումի դատապարտուեցաւ նաեւ այդ ժողովուրդէն մնացած մշակութային ժառանգութիւնը։ Անհամար յուշարձաններ, որոնք աշխարհի մշակոյթի ժառանգութեան մաս կը կազմէին, անխնամ ձգուեցան, իսկ անոնց մէկ մասը քանդուեցաւ, մինչեւ իսկ թնդանօթով, ուժանակով կամ այլ միջոցներով մէջտեղէն վերցուեցաւ, որովհետեւ տեղացիները չէին կրնար հանդուրժել անոնց գոյութեան։ Փոքրամասնութիւնները անգոյ նկատուեցան, եւ այս պատճառաւ ալ հիմա մեր պարտականութիւնն է սորվիլ անոնց պատմութիւնը», ըսած է Չըլտըր։
Ապա իր զեկոյցը տուած է Զաքարիա Միլտանօղլու՝ պատմելով, թէ ինչպէս թնդանօթներով կամ ուժանակներով աւերակի վերածուեցան այն եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք կը գտնուէին Գայսէրիի, Մշոյ, Վանի, Էրզինճանի, Չանաքքալէի, Սվազի, Այնթէպի, Տիգրանակերտի, Գիւթահիոյ, Արթուինի, Ատանայի, Անգարայի, Մարտինի, Ուրֆայի, Տրապիզոնի, Մալաթիոյ, Կարսի եւ Եոզկատի մէջ։ Միլտանօղլու նկարագրած է անոնց այսօրուան վիճակը՝ զայն բաղդատելով անոնց նախկին փայլուն վիճակին հետ։ Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի շրջանին, Պոլսոյ պատրիարքարանը ճշդած էր, թէ 1915էն առաջ աւելի քան 4000 մշակութային յուշարձան կար Անատոլուի տարածքին (2230 եկեղեցի ու վանք եւ աւելի քան երկու հազար դպրոց), որոնք Թուրքիոյ հանրապետութեան շրջանին լքուեցան կամ ոչնչացուեցան։
Լուսանկարներու ցուցադրութեամբ, Միլտանօղլու ճշդած է նշեալ յուշարձաններու վայրերը՝ դիտել տալով, որ մինչեւ իսկ 2013ին, Մշոյ մէջ թրքացած անունով Գալեալթը հայկական թաղամասի տուները գետնին հաւասարուած են, որպէսզի «քաղաքաշինութեան նոր արշաւ մը» իրականանայ։ «Անհամար հայկական եկեղեցիներու, վանքերու ու գերեզմանատուներու փլուզումէն ձեռք բերուած հայերէն գիրերով տապանաքարեր կամ հայ քարակոփներու գլուխ գործոցներ վերցուեցան ու գործածուեցան մերձակայ դպրոցներու, մզկիթներու կամ բնակարաններու շինութեան համար», ըսած է Միլտանօղլու, նշելով, որ անձամբ տեսած է այս քարերը։
Միլտանօղլու յուշարձաններու կողքին անդրադարձած է նաեւ հայկական հրատարակութիւններու, որոնք իր երբեմնի ուսումնասիրութեան մաս կը կազմեն։ Ան նշած է, որ 1915ին ոչնչացած են նաեւ այդ հրատարակութիւններն ու թերթերը, իսկ հայերը ստիպուած եղած են գաղթելու եւ այդ թերթերուն մէկ մասը շարունակած են հրատարակել Սփիւռքի մէջ։
«Ակունք» կ՛աւելցնէ, թէ Միլտանօղլու, պատասխանելու համար Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն, նաեւ հարց տուած է, թէ այժմ ո՞ւր են իր նշած հայկական թաղամասերու բնակիչները։
Զաքարիա Միլտանօղլու իր այս հետաքրքրական զեկուցումի աւարտին օրինակներ կարդացած է այն ծանուցումներէն, զորս 1915էն ետք ողջ մնացած հայեր կը հրատարակէին, որպէսզի գտնէին իրենց կորսուած ազգականները։
Հաւաքոյթը աւարտած է «Ատանայի Ողբը» երգի ունկնդրութեամբ ու 1915էն ետք աշխարհի ամէն կողմ տարածուած հայ որբերու պատմական լուսանկարներու ցուցադրութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.