
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութիւնը եւ գործադիր յանձնախումբը, Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին առթիւ, կազմակերպած է յուշ-երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, Կիրակի, Յունուար 18, 2015ին, երեկոյեան ժամը 5ին։
Յուշ-երեկոյի ընթացքին պիտի շնորհուի «Հրանդ Տինքի Ազատութեան եւ Արդարութեան Ոգին» տարեկան երկրորդ շքանշանը՝ պատմաբան, ընկերաբան եւ Հրանդ Տինքի շատ մօտիկ բարեկամ փրոֆ. Թաներ Աքչամին:
Գլխաւոր ձեռնարկին օրը, համահայկական հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, կէսօրէն ետք ժամը 3ին:
Յուշ-երեկոյին ընթացքին պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յայտագիր մը, եւ ելոյթ պիտի ունենայ մեծարեալը՝ խօսելով վերջին իրադարձութեանց վերաբերեալ, մինչ հայութիւնը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Ձեռնարկին պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Յուշ-երեկոն տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ (19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել միութեան գրասենեակ՝ (818) 342-0110 թիւով կամ bolsahye1976@gmail.com հասցէով, կամ հեռաձայնել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին՝ (818) 800-1976 թիւով։