Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 Դեկտեմբերին մասնակցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ընդլայնուած ձեւաչափով գագաթաժողովին:
Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ԵԺԿի նախագահ Ժոզէֆ Տոլի հետ: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ նման հանդիպումներ լաւ առիթ են միջկուսակցական կապերու ամրապնդման շուրջ միտքերու փոխանակման, ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներու քննարկման, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրներուն ու խնդիրներուն անդրադարձ կատարելու։
Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է ԵԺԿի հետ հետագայ համագործակցութեան հարցին մէջ Հայաստանի պատրաստակամութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը: Նախագահը նշած է, որ Եւրոպական միութիւնը եղած եւ պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն մէկը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան նոր օրակարգի ձեւաւորման առնչուող հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հետ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.