
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 22 Դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Հայրենիք» եւ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւններու անդամներուն հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկրի ղեկավարը գոհունակութեամբ նշած է, որ նման ձեւաչափով հանդիպումները դարձած են աւանդական եւ գործնականօրէն ապացուցած են իրենց արդիւնաւէտութիւնն ու պահանջուած ըլլալը։
Հանդիպումներուն մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: