
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յաջորդ տարի, Ատրպէյճան իր պետական ամավարկէն 3,307,796,989 մանաթ (մօտաւորապէս 4.2 միլիառ տոլար) պիտի տրամադրէ իր ռազմական կառոյցներուն։
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան՝ այս գումարին մէջ նկատի չէ առնուած երկիրի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ամավարկը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրած է ամավարկի փաստաթուղթը՝ նշելով, որ ռազմական կառոյցներուն յատկացուելիք յաւելեալ միջոցները նպատակ ունին բարձրացնելու երկիրի պաշտպանութեան մակարդակը:
Սակայն, պաշտպանութեան ծախսերուն համար, 2015ի ամավարկով յատկացուած է 1,778,529, 044 մանաթ, որուն 1,255,185,738ը՝ պաշտպանութեան նախարարութեան, 157,645, 847ը՝ պետական սահմանային ծառայութեան, իսկ 22,473,696ը՝ զօրակոչի պետական ծառայութեան համար:
Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան յատկացուած է 121,089,332 մանաթ: