ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Յունուար 8ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ առողջապահութեան եւ բուժման նորարարական միջոցառումներու նուիրուած քննարկում մը, որուն ընթացքին դոկտ. Սարգիս Մազմանեան պիտի արծարծէ ստամոքսային մանրէներուն ունեցած դերակատարութիւնը կենսանիւթեր համադրելու, մարսելու, ինչպէս նաեւ վարակումներու եւ ապականման դէմ դնելու աշխատանքին մէջ։
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն վկայուած դոկտ. Սարգիս Մազմանեան ներկայիս դասախօս է «Քալթեք» համալսարանի մանրակենասգիտութեան բաժանմունքին մէջ։ Ան նաեւ տարին անգամ մը կը դասաւանդէ Հայաստանի գիտութեանց ակադեմիոյ մէջ։
Դասախօսական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Արամ եւ Անահիս Պուլղուրճեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA, 91423: Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.