«ԿՈՄԻՏԱՍ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ԼՈՆՏՈՆ.- «Կոմիտաս» հիմնարկը կը հաղորդէ, որ Թրքական մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան աջակցութեամբ, 22-24 Ապրիլ 2015ին Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ:
Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիարպեքիր նահանգը Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր: Անոր կառավարիչ Ռաշիտ պէյը 1915ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ:
«Կոմիտաս» հիմնարկը կը գրէ, որ այսօր Տիգրանակերտ բնակող մարդիկ կը ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ կ՛ուզեն կացութիւնը շտկել: Քաղաքի համաքաղաքապետները եւ թրքական խորհրդարանին մէջ շրջանի ներկայացուցիչները յստակ կերպով կը խօսին Հայկական Հարցին մասին: Տիգրանակերտ քաղաքը արդէն իսկ աջակցած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման, որ աշխարհի մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկն է, իսկ անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին հայերուն զօրակցած են տեղացիներ: Անոնց շարքին էին ականաւոր քաղաքագէտներ, փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ ուրիշներ:
«Կոմիտաս» հիմնարկը կը նշէ, որ յառաջիկայ Ապրիլին Տիգրանակերտի մէջ հայկական մեծաթիւ ներկայութիւն մը բարոյական ու քաղաքական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի ամրապնդէ հայ-քրտական համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր ուղղէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումին:
«Կոմիտաս» հիմնարկը կը նշէ, որ 1990ականներէն ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիոյ պետական շրջանակի մտաւորականներու ուրացման դէմ դնելու կողքին՝ հիմնարկը նաեւ կամուրջներ հաստատած է թրքական քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ ձգտած է առկախ հարցերու արդար լուծման: Հիմնարկը նախապէս եւս յաջող կերպով կազմակերպած է ձեռնարկներ Տիգրանակերտի մէջ, ներառեալ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչում: