ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուսումնասիրական «HSH» հիմնարկին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ միջին գինով (481,900 տոլար) բնակարան մը գնելու համար, ընտանիք մը պէտք է նուազագոյնը տարեկան 96,514 տոլարի եկամուտ ապահովէ։ Այդ գումարը 101,683 ու 145,361 տոլարի կը բարձրանայ յաջորդաբար՝ Սան Տիէկոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի պարագային։ Հիմնարկը քննած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին 27 գլխաւոր շրջաններ եւ նշեալները կը գրաւեն ցուցակի վերջին 3 դիրքերը։
Ցուցակին հակառակ կողմը կը գլխաւորէ Փիզպըրկը, ուր տարեկան միայն 32,373 տոլարի եկամուտ մը բաւարար է միջին գինով բնակարան մը գնելու համար։ Անկէ ետք կու գան Քլիվլընտ (33,909 տոլար) եւ Թեմփա (35,732)։
Այդ գումարը 92,271 տոլար է Նիւ Եորքի պարագային, իսկ Պոսթընի՝ 84,473, Շիքակոյի՝ 59,296, Ֆինիքսի՝ 41,371 եւ Տիթրոյիթի՝ 38,634 տոլար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.