
Քուէյթի «Ահմատ ալ Ատուանի» սրահին մէջ Դեկտեմբեր 22ին բացուեցաւ հայ անուանի նկարչուհի Մարօ Սարգսեանի անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական կեդրոնէն:
Ցուցահանդէսը բացուած է Քուէյթի արուեստներու, մշակոյթի եւ նամակագրութեան ազգային խորհուրդի եւ Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպանութեան համատեղ ջանքերով:
Ձեռնարկին ներկայ էին Քուէյթի արուեստներու, մշակոյթի եւ նամակագրութեան ազգային խորհուրդի անձնակազմը՝ գլխաւոր քարտուղար Ալի Ալիւհայի գլխաւորութեամբ, քուէյթցի արուեստագէտներ եւ մշակութային գործիչներ, երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու, Քուէյթի պետական հեռուստատեսութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իր բացման խօսքին մէջ, Քուէյթի մօտ ՀՀ դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, կարեւոր համարելով մշակութային համագործակցութեան խթանումն ու ընդլայնումը Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ՝ ընդգծած է մշակոյթի անփոխարինելի դերը երկու ժողովուրդներու ժառանգութեան ճանաչման եւ բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են աւելի քան 40 բազմաժանր կտաւներ։
Ցուցահանդէսը լայնօրէն լուսաբանուած է քուէյթեան շարք մը լրատուամիջոցներու, ներառեալ՝ «Ալ Անպա», «Ալ Սիասա», «Ալ Ուաթան», «Ալ Ռայէ» պարբերականներուն կողմէ: Մարօ Սարգսեան Հայաստանի նկարիչներու միութեան եւ Փարիզի նկարիչներու ընկերակցութեան անդամ է, անհատական ցուցահանդէսներով բազմիցս հանդէս եկած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ: