ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Տասը տարեկան, նիհար, տգեղ, զրկանքէ ու աղքատութենէ առաջ եկած արուեստական տգեղութեամբ տղայ մըն էր Պօղոսիկ, որուն բոլոր անառակութիւնն ու զբօսանքը իր կատուին հետ խաղալն էր:
Սուրբիկն ինքնիրեն կը մռլտար, դիտելով միշտ ունեւորին տունը. «Աս որչափ բան ներս կրեցին, Տէր Աստուած, կ՛երեւայ որ շատ հիւր պիտի ունենան. խնամիները կերակուրի՞ պիտի գան, ի՞նչ պիտի ըլլայ, երկու խոշոր պնակ շաքարեղէն, հնդկահաւ, բանտեսբանիա, կողով-կողով պտուղներ, ալ բան չմնաց, որ չկրէին, ո՞ր մէկը պիտի ուտեն. կէսն ալ ծառաները կը գողնան հա»: Եւ Սուրբիկ կը շարունակէր իր անվերջ մենախօսութիւնը քիթին տակէն:
Հիմա կամաց-կամաց հիւրերը կը սկսին գալ: Մութը կոխած էր եւ Սուրբիկ ալ բոլորովին փակած էր ապակիին, մէկ ձեռքը ճակտին քիւ ըրած՝ մինչդեռ միւսով անընդհատ ապակին կը սրբեր, որ իր շունչին տակ ամէն վայրկեան կը միգանար: Եւ Սուրբիկ մէկիկ-մէկիկ կը համրէր եկող հիւրերը, անոնց անունները կը յիշէր եւ դիտողութիւնները կ՛ընէր:
– Զարմանալի բան,- կ՛ըսէր ինքնիրեն, Մարկոսեանները չեկան, ինչո՞ւ չեկան, օր մի օրանց իրարմէ չէին զատուեր, արդեօք բա՞ն մը անցաւ մէջերնին. ահա կառք մը կու գայ կոր, տեսնենք անոնք են. չէ, առաջ եկան ու ես չտեսա՞յ:
Եւ Մարկոսեաններուն չի գալը անլուծելի մեծ խնդիր մը կ՛երեւնար Սուրբիկին համար, տեսակ մը սեւեռուն գաղափար, որ իր միտքը չարչրկէր եւ ուրկէ չէր կրնար ազատիլ:
– Բան մը ըլլալու է այս գործին մէջ,- կը մտածէր:
– Նոր կառք մը կեցած ատեն՝ «եկան» կը գոչէր, յետոյ յուսախաբ՝ «չէ, ուրիշ մարդ է եղեր»:
* * *
Խրխլիկ տան դուռը բացուեցաւ, ու ներս մտաւ հաճի Համբարձումը, Սուրբիկի էրիկը: Յոգնած, դադրած եկաւ սենեակ ու նետուեցաւ բազմոցին վրայ ջանալով իր ցեխոտ կօշիկները եւ բանթալոնը հեռու պահել բազմոցէն, որ սակայն չէր կրնար աւելի աղտոտիլ:
Պօղոսիկ, որ անհամբեր կը սպասէր հօրը գալուն, կասկածով ու վախով լեցուն ձայնով մը հարցուց.
– Հայրիկ, պտուղ բերի՞ր:
– Չէ, ատ էր պակաս:
Պօղոսիկ իր ցամաք հացով ապրած կեանքին մէջ առանց պտուղի եւ անուշեղէնի կաղանդներ տեսած էր արդէն, բայց չես գիտէր ինչ մանկական անխորհուրդ յոյսով մը կը յուսար, թէ հայրը պտուղներով պիտի գար իրիկունը: Իր երազը շատ փայլուն, շատ ոսկեզօծ չէր, բայց գոնէ քանի մը տեսակ չոր պտուղ ու քանի մը նարինջ կամ խնձոր չըլալիք բաներ չէին երեւնար իրեն: Ցերեկը պահ մը, խօսք բացեր էր այս մասին իր մօրը, կերպով մը բերան-փնտռտուք մը ըրեր էր, ու թէեւ մօրը պատասխանը բոլորովին յուսահատեցուցիչ եղած էր, սակայն ինք իր փոքրիկ հոգիին խորը յոյսի անսպառելի զօրութիւն մը ունէր, որ զինքը մինչեւ իրիկուն զուարթ ու շէնշող պահելու կարող ըլլար: Իր հօրը գալուստը թունդ հաներ էր իր սիրտը, եւ երբ սենեակէն ներս մտած էր ան, նախ անոր դէմքը ջանացած էր հարցաքննել, որ շատ յուսատու չէր երեւնար: Վերջապէս իր ամբողջ զօրութիւնը ժողուելով հարցումը ըրեր էր:
Ու հիմա հօրը տուած պատասխանին վրայ հմայաթափ, մինչեւ իսկ յուսալու անկարողութեան մատնուած, խեղճ տղան անանկ դառնութիւն մը զգաց, որ չկրցաւ անմիջապէս լալ:
Կամաց-կամաց հելծկլտանքը սկսաւ սակայն, քիթը արմունկին մէջ առած, անշշուկ լաց մը սեղմուկ, ողորմուկ:
Եւ արցունքները, որոնք կարծես իր քայքայեալ յոյսերուն կտորուանքներն էին, հատիկ-հատիկ կ՛իյնային տախտակին վրայ:
* * *
Համբարձում ուզեց մխիթարել իր տղուն, քովը գնաց ու առաւ նստեցուց իր ծնկներուն վրայ: Պօղոսիկը կը հեծկլտար միշտ ու կ՛ըսէր. «Նայէ դիմացի տունը, որչափ պտուղ, շաքար, անուշեղէն առին»:
– Անոնք հարուստ են, տղաս:
– Դուն ալ թող հարուստ ըլլայիր:
– Ի՞նչ ընենք, Աստուած ասանկ ուզեր է, աւելի աղէկ է, որ աղքատ ըլլանք, երբ որ մեռնինք՝ արքայութիւն կ՛երթանք: Ղազարոսին պատմութիւնը չիյտե՞ս, կեցիր պատմեմ քեզի:
Պողոսիկը լացը դադրեցուցած մտիկ կ՛ընէր:
– Հարուստ մարդ մը կար, որ ամէն օր փառաւոր հագուստներ կը հագնէր ու ամէն օր ուրախութիւն կ՛ընէր, եւ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, վէրքերով լեցուն, պատռտած լաթեր հագած, որ ան հարուստ մարդուն դրան առջեւ կը կենար ու անոր սեղանին աւելցուկները երբոր փողոց թափէին, շուներուն հետ մէկտեղ կ՛ուտէր զանոնք:
Ու երբ որ ան աղքատը մեռաւ՝ հրեշտակները եկան առին ու շիտակ արքայութիւն տարին զինքը, հոն Աբրահամին գիրկը հանգիստ նստաւ: Իսկ հարուստը երբոր մեռաւ, սատանաները եկան, իրենց պոչին կապեցին ու դժոխքին մէջ իջեցուցին: Հարուստը հոն կրակներուն մէջ տանջուած ատեն տեսաւ Ղազարոսը, որ Աբրահամին գիրկը հանգիստ նստեր է եւ Աբրահամին աղաչեց, որ Ղազարոսը իր մատին ծայրը ջուրը թաթախէ ու գայ իր լեզուն քիչ մը զովացնէ: Աբրահամ ալ անոր ըսաւ. «Միտքդ բեր որ դուն քու ապրած ատենդ ամէն աղէկութիւն կը վայելէիր, իսկ այս խեղճ Ղազարոսը միշտ կը չարչարուէր. հիմա անիկա հոս պէտք է վայելէ ու դուն հոտ տանջուիս»: Տեսա՞ր Աստուծոյ արդարութիւնը, տղաս:
– Արդար ըլլալու տեղ թող բարի ըլլար,- ըսաւ Պօղոսիկ,- թող ամէն մարդ Կաղանդին պտուղ ունենար հոս, ու անդիի աշխարհքն ալ ամէն մարդ արքայութիւն երթար, աւելի աղէկ չէ՞ր ըլլար:
–Տոքթ. Արմէն Արա Չալեան
Կը շնորհաւորէ բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը