ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ քարիւղի գիները նուազեցնելու ճամբով պատերազմ կը մղէ Վենեզուելլայի եւ Ռուսիոյ դէմ:
«Տեղի կ՛ունենայ ծրագրուած պատերազմ՝ Ռուսիան ոչնչացնելու համար, սակայն ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Վենեզուելլան պիտի արտօնեն, որ իրենց ձեռքերը կապուին։ Պիտի պայքարինք. անոնք չեն կրնար յաղթել. հանգիստ եղէք», ըսած է ան:
Ակնարկելով քարիւղի գիներու անկումին, Վենեզուելլայի նախագահը աւելցուցած է. «Ինչպէս յայտարարած է Պոլիվիոյ նախագահ Էւօ Մորալես, ատիկա նաեւ փորձ է ոչնչացնելու Վենեզուելլան՝ զայն գաղութ դարձնելու եւ անոր անկախութիւնը ճզմելու նպատակով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.