ՓԱՐԻԶ.- Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան ցուցանիշը տարուէ տարի անկում կ՛արձանագրէ. այսպէս գրուած է «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տեղեկագիրին մէջ:
Հոն կը նշուի, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան աւելի քան 10 տարիներուն, Թուրքիոյ մէջ քեմալական գաղափարախօսութեան հետ կապուած որոշ թապուներ կարելի եղած է յաղթահարել, իսկ բանակը կորսնցուցած է իր երբեմնի ազդեցութիւնը քաղաքականութեան եւ մամուլին վրայ: Այդուհանդերձ, ազատ արտայայտուիլ փափաքողները կը շարունակեն հետապնդումներու ենթակայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ:
Ըստ կազմակերպութեան՝ 2005էն ի վեր կացութիւնը աւելի վատթարացած է։ Արդարեւ, Թուրքիան, նկատի առնուած 180 երկիրներու ցանկին մէջ հետեւեալ տեղերը գրաւած է. 2005ին՝ 98րդ, 2006ին՝ 100րդ, 2007ին՝ 101րդ, 2008ին՝ 103րդ, 2009ին՝ 123րդ, 2010ին՝ 138րդ, 2011ին՝ 138րդ, 2012ին՝ 148րդ, 2013ին՝ 154րդ, իսկ 2014ին՝ 154րդ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.