Կեդրոնի հասցէն՝ 407 East Colorado, Glendale։
Դասընթացքները սկսան Դեկտեմբերի առաջին Ուրբաթէն սկսեալ եւ պիտի շարունակուին ամէն Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6էն 9: Շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, իւրաքանչիւր մասնակից երեխայ կամ պատանի պիտի հետեւի յատուկ ցուցմունքներու եւ պիտի արժանանայ անհատական ուշադրութեան: Դասընթացքի գլխաւոր ղեկավարն է երիտասարդ արուեստագէտ Շանթ Կիրակոսեան, որ ժամանած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, ուր կը գործէր Համազգայինի ակադեմիայէն ներս եւ արդէն իսկ նուաճումներ արձանագրած եւ անհատական ցուցահանդէսներ յաջողցուցած է նաեւ մեր գաղութէն ներս, գնահատուելով արուեստասէր հասարակութեան կողմէ:
Ուրախ ենք, որ խումբ մը պատանիներ, անսալով մեր կոչին, արդէն իսկ կը փութան արուեստի այս ժամադրավայրը, ընկերակցութեամբ իրենց արուեստասէր ծնողներուն եւ հանդարտ ու ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ կը գծեն՝ իրենց ներաշխարհին արտացոլացումը յանձնելով թուղթին, գոյնի եւ ձեւի անսահման ու անծայրածիր աշխարհ մը թեւակոխելով, տակաւին նորափթիթ մատներով ու յուսադրիչ փորձարկումներով:
Այս հակիրճ տեղեկութենէն ետք կը հրաւիրենք բոլորդ յաճախելու եւ մաս կազմելու այս արուեստի դարբնոցին, որ այլ անակնկալներ վերապահած է մեր տաղանդաւոր պատանի-պարմանուհիներուն: Ձեր արտադպրոցական ժամերը իմաստաւորելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է այս, առաջին ամսուան համար վճարելով միայն 75 տոլար: Նկարչութեան անհրաժեշտ պիտոյքները ձրիօրէն պիտի տրամադրուին բոլորին:
Համազգայինի գլխաւոր նպատակներէն մին է ապագայ հայ արուեստագէտներ պատրաստել, ու մանաւանդ խոստմնալից տաղանդներուն համար, անհրաժեշտ պարարտ հող տրամադրել, որ անոնք աճին, ուռճանան Համազգայինի յարկին տակ, ու ապագային իրենք ալ նոյն նախաձեռնութեան ոգին ունենան, քաջալերելու իրենցմէ կրտսերները, որ հետեւին իրենց օրինակին:
Սոյն առիթով, կ՛արժէ անդրադառնալ, որ Համազգայինը բոլորանուէր եւ միահամուռ ճիգերով յաջողեցաւ բոլորել բեղմնաւոր տարեշրջան մը: Վերջին շրջանի գործունէութեանց մասին մամուլի էջերով հրապարակումները անարձագանգ չեն մնացած: Շատերու համար անծանօթ մեր կեդրոնը, արդէն իսկ այցելուներ կ՛ունենայ, մշակութային նորանոր հեռանկարներու տեսլականով: Կը յուսանք, որ մեր յարգելի համակիրները յարատեւօրէն զօրակցին Համազգայինին եւ գալիքը ըլլայ քիչ մը աւելի բեղուն եւ արգասաբեր գործունէութեան այլ հանգրուան մը:
Յիշեցման կարգով յայտնենք, որ շուտով Հայաստանէն պիտի հասնին Համազգայինի թատերախումբի անդամները: Վեցօրեայ թատերական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Փետրուարի առաջին շաբաթը: Թելադրելի է ձեր տոմսերը նախօրօք ապահովել, its my seat.com կայքին միջոցաւ: Տոմսերը արագօրէն կը սպառին, իսկ թատերական ելոյթները պիտի չկրկնուին: Թատերախումբը պիտի այցելէ Արեւելեան շրջաններ, ինչպէս նաեւ Քանատա: Ուրեմն՝ մի՛ յապաղիք ձեր տոմսերը ապահովելու, այլապէս կրնաք փախցնել այս ոսկեայ առիթը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ