«Երկիր»ին ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Կոտայքի մարզի հանգստավայրերէն մէկուն մէջ, իրաւապահ մարմինները տեղեակ են հաւաքին մասին, եւ անիկա ամբողջական կերպով «վերահսկւում է»:
Այս հարցին անդրադարձած է ոստիկանութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան, որ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Զանգուածային լրատուութեան միջոցներում տեղեկատուութիւն է շրջանառւում, թէ այս օրերին Հայաստան են գալիս, այսպէս կոչուած, «օրէնքով գողեր»ու քրէական հեղինակութիւններ: Տեղեկատուութեանը նաեւ հասարակական հնչեղութիւն է տրւում՝ որպէս մեղադրանք ներկայացուելով իրաւապահ մարմիններին: Մեղադրողները, սակայն, չիմացութեամբ թէ գիտակցաբար, գլխիվայր շրջում են իրողութիւնները:
Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներին հազարաւոր մարդիկ են այցելում Հայաստան, որը բաց երկիր է, եւ որտեղ օրէնսդրօրէն պաշտպանուած է մարդու ազատ տեղաշարժի իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստանի հիւրը հետախուզման մէջ չէ կամ քրէօրէն հետապնդելի արարք չի կատարել արդէն մեր երկրում, օգտւում է օրէնսդրութեամբ նախատեսուած իր բոլոր իրաւունքներից»:
Յիշեցնենք, որ, կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն՝ հաւաքը սկզբունքով պիտի կայանար Մոսկուայի մէջ, սակայն Մոսկուայի իրաւապահները, իրենց աթոռներէն չզրկուելու համար որոշած են աւելի զգոյշ ըլլալ: Իբրեւ արդիւնք՝ գողերը «հիւրընկալելու» իրաւունք ձեռք բերած է Հայաստանը:
Ռուսական «Փրայմ Քրայմ» կայքի տուեալներով՝ գողերու ֆորումին կը մասնակցին շուրջ հարիւր պատուիրակներ, որոնց կարգին՝ Պորեա Ապաքելա, Շիշկան, Շակրօ, Չեպուրաշքա, Միրըչ եւ այլն:
Կայքը բացայայտած է հաւաքի որոշ ուղղութիւնները: Ամէնէն լուրջ հարցը կը վերաբերի անոնց, որոնք անհիմն կերպով փորձած են կասկածի տակ դնել Էդիկ Ասատրեանի լիազօրութիւնները:
Բացի ատկէ, կը նախատեսուի գողութեան վերաբերող քատրերու վերանայում: «Անկասկած երեւանեան հաւաքին իբրեւ արդիւնք պիտի թռչին շատերու գլուխները: Յոյս ունենանք, որ միայն փոխաբերական իմաստով», նշած է կայքը:
Միւս կողմէ, իրենց կորսնցուցած սթաթիւս քոն պիտի փորձեն վերականգնել ծնունդով Երեւանէն Սեւան եւ Բջէն, որոնք, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, շատ քիչ կարելիութիւն ունին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.