1954 թուականէն Էդուարդ Բաղդասարեան Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի առաջատար մենակատարներէն էր: 1968ին՝ ըլլալով Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի մեներգիչ, համերգներով հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան եւ արտասահմանեան տասնեակ երկիրներու մէջ՝ բարձր կատարողական վարպետութեամբ ներկայացնելով հայկական արուեստը:
Հայաստանի կառավարութիւնը՝ գնահատելով Էդուարդ Բաղդասարեանի կատարողական արուեստը, զայն պարգեւատրած է պետական բարձրաստիճան շքանշաններով եւ մետալներով:
Էդուարդ Բաղդասարեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 8 Յունուարին, Մալաթիոյ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.