Խորհրդակցութեան ընթացքին ամփոփուած են առաջնագիծին եւ մշտական տեղակայման վայրերուն մէջ անձնակազմի զգօնութեան ու կարգապահութեան, մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, զօրքերու մարտական պատրաստութեան բարձրացման ուղղուած աշխատանքները, քննարկուած են ձմեռնային ուսումնական հանգրուանի, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու կազմաւորման 23րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորման առանցքային հարցերը: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ մեկնարկած ձմեռնային զօրակոչի պատշաճ կազմակերպման եւ իրականացման քայլերուն:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնած է, որ Եուրի Խաչատուրով հաշուետու զեկոյց ներկայացուցած է Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան օրերուն արձանագրուած պատահարներու, հակառակորդի սանձազերծած սադրիչ գործողութիւններու եւ անոնց ի պատասխան ձեռնարկուած քայլերուն վերաբերեալ:
Նկատի առնելով եղանակային պայմաններու վատթարացումը՝ Սէյրան Օհանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է զօրամասերուն մէջ անհրաժեշտ ջեռուցման պայմաններու ապահովման, անձնակազմի հիւանդանալուն եւ ցրտահարութեան դէպքերու բացառման, զինուորներուն, յատկապէս նորակոչիկներուն առողջական հարցերուն լրջօրէն արձագանգելու վրայ: Նախարարը տուած է համապատասխան յանձնարարականներ եւ նախանշած առաւելագոյն ուշադրութիւն պահանջող աշխատանքային ուղղութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.