«…Չեմ վախնար հակադարձութիւններէ. չունիմ՝ ոչ զաւակ, ոչ կին, ոչ մեքենայ, ոչ պարտք: Կրնայ յաւակնոտ թուիլ, բայց կը նախընտրեմ մեռնիլ ոտքի, քան ապրիլ ծնկաչոք:»
Այսպէս կը յայտարարէր Շարպոնիէ 2012ի Սեպտեմբերին Le Monde օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ ի պատասխան իրեն ուղղուած սպառնալիքներու: Չապրիլ ծնկաչո՛ք: Գլուխ չծռել ֆաշիզմի ուժերուն առջեւ ի՞նչ պիտակի տակ ալ, որ գործեն անոնք եւ ո՞ր երկրի մէջ ալ, որ գտնուին: Շարպոնիէ եւ իր գործընկերները խօսքի ազատութեան դատին վերջին մարտիրոսներն են:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ