Թուրքիան կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով լռութեան մատնել Աւստրալիոյ կառավարութիւնը։
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը այս միտումը ապացուցող փաստաթուղթեր ձեռք բերած է։
Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ժուլի Պիշոփը ժամանակին նամակ յղած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Տաւութողլուին՝ նշելով. «Ընդունելով, որ երկու երկիրներուն կարեւոր շահերը դրուած են սեղանին՝ ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ պիտի չտրուի որեւէ որոշում, որ պիտի փոխէր Աւստրալիոյ կառավարութիւններուն վաղուց որդեգրած դիրքորոշումը այս հարցին վերաբերեալ»:
Յիշեցնենք, որ Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուելզ նահանգը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.