Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան «Երկիրն Այսօր»ի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ խայտառակ նամակագրութիւնը գտած են համացանցին վրայ։ Բացայայտուած է, որ ֆրանսացի պաշտօնեան 2012ին նախ կարգադրած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը բողոքարկուի եւ ուղարկուի սահմանադրական խորհուրդ, այնուհետեւ ալ նպաստած է, որ անիկա հակասահմանադրական նկատուի: Ֆրանսահայերը կը պահանջեն, որ Հայնըլ հրաժարականը ներկայացնէ:
«Մեր աշխատակիցը «Եահու»ի վրայ փնտռելով գտաւ այդ խօսակցութիւնը, քանի որ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք բոլոր իրադարձութիւններուն», յայտնած է Փափազեան։
Ֆրանսացի պաշտօնեան վաղուց կապեր ունի Թուրքիոյ ղեկավար շրջանակներու հետ եւ զբաղած է թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու խորացմամբ: Իսկ թուրք պաշտօնեայ Եաշար Եաքըշը 2007-2011 թուականներուն գլխաւորած է թուրք-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբը: Հրապարակուած նամակներէն մէկը թուագրուած է 28 Փետրուար 2012, իսկ ամրագրուած ժամը՝ Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն 2 ժամ առաջ է: Ֆրանսացի պաշտօնեան այս նամակին մէջ իր թուրք գործընկերոջ կը յայտնէ, որ խորհուրդը թրքական կողմը գոհացնող որոշում պիտի տայ: Այս խայտառակ բացայայտումէն ետք Ֆրանսայի հայ համայնքը կը պահանջէ Հուպերթ Հայնըլի նկատմամբ հետաքննութեան սկսիլ եւ զայն պատասխանատուութեան կանչել՝ Սահմանադրական խորհուրդի անդամի երդումը խախտելու եւ կողմնակալութիւն ընելու համար: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչ քայլերու ձեռնարկուած են՝ Մուրատ Փափազեան ըսած է, որ իրենք արդէն հանդէս եկած են յայտարարութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.