ԵՐԵՒԱՆ.– 8էն 9 Յունուար լուսցող գիշերը ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ նկատելի եղած է լարուածութեան մեղմացում՝ բաղդատելով նախորդ օրերուն հետ։ Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ըստ նոյն աղբիւրին՝ նշեալ ժամանակաշրջանին հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է 180 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 1700 կրակոց:
Մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը մնայուն կերպով կը հսկեն մարտավարական իրադրութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.