
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ազգային ժողովի ընթացաւարտ նստաշրջանի պատգամաւորներուն գործունէութիւնը ամփոփուած է parliamentmonitoring.am-ին կողմէ: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը արդէն 6 նստաշրջանն ըլլալով անփոփոխ կերպով կը գլխաւորէ խորհրդարանի նիստերէն ամէնէն աւելի բացակայած պատգամաւորներուն տասնեակը: Խոսրով Յարութիւնեանը Հանրապետական չէ, բայց ՀՀԿ խմբակցութեան ամէնէն գործօն պատգամաւորն է: Իսկ ՀՅԴ խմբակցութենէն Արծուիկ Մինասեանը ամէնէն շատ թեր, դէմ ու ձեռնպահ քուէարկած պատգամաւորն է: Արծուիկ Մինասեանը նաեւ խորհրդարանին մէջ ամէնէն աւելի ելոյթ ունեցած եւ հարցում ուղղած պատգամաւորն է։
Ամէնէն աւելի թեր քուէարկող խմբակցութիւնը «Հանրապետական»ն է: Խորհրդարանին մէջ առանձին մնացած «Հանրապետական»ը, որ անհրաժեշտ մեծամասնութիւն ապահովելու խնդիր ունի, նախորդ նստաշրջանին մնայուն կերպով դահլիճին մէջ եղած է. 70 պատգամաւորներէն 60ը, ըստ ծրագիրի, չունին ոչ մէկ բացակայութիւն: Անոնք, սակայն, դահլիճին մէջ կրաւորական ներկայութիւն եղած են. 70 հանրապետականներէն նիստերուն ընթացքին ելոյթ ունեցած ու հարցում ուղղած են ընդամէնը 23 պատգամաւոր: Եթէ չըլլար քրիստոնէադեմոկրատ Խոսրով Յարութիւնեանը՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը ամէնէն աշխոյժ պատգամաւորներու տասնեակին մէջ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կ՛ունենար: Կուսակցութենէն չէ նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ամէնէն գործօն պատգամաւորը՝ Թեւան Պօղոսեանը. խմբակցութեան մէջ ան ամէնէն աւելի դէմ քուէարկածն է, իսկ ամէնէն աւելի թեր քուէարկած է Ալեքսանդր Արզումանեանը: Մեծութեամբ երկրորդ խմբակցութիւնը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւս կրաւորական է, ՀՀԿին պէս. 36 պատգամաւորներէն հարցումներ ուղղած են միայն 6ը, իսկ ելոյթ ունեցած են 7 «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ։ Այս խմբակցութեան կը պատկանի ամէնէն աւելի բացակայածներուն տասնեակին կէսը. առաջին հորիզոնականին վրայ է Գագիկ Ծառուկեանը, 10 ամէնէն աւելի բացակայածներուն մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը ունի 5 պատգամաւոր։ Խմբակցութեան ամէնէն գործօն պատգամաւորը Միքայէլ Մելքումեանն է: Իշխանութիւնը թողնելէ ետք «Օրինաց Երկիր»ի խմբակցութեան անդամները սկսած են աւելի շատ հարցումներ ուղղելու եւ ելոյթ ունենալու, բայց ամէնէն աշխոյժ պատգամաւորներու տասնեակին մէջ կայ «Օրինաց Երկիր»ի ընդամէնը 1 պատգամաւոր՝ Յովհաննէս Մարգարեանը. ամէնէն աւելի թեր, դէմ կամ ձեռնպահ քուէարկածներու եւ բացակայածներու տասնեակէն կը բացակայի «Օրինաց Երկիր»ը, իսկ խմբակցութեան մէջ ամէնէն աւելի դէմ քուէարկած է Հեղինէ Բիշարեանը, բացակայած՝ Մհեր Շահգելդեանը:
Խորհրդարանի ամէնէն աւելի դէմ քուէարկած խմբակցութիւնը ՀԱԿն է, իսկ ՀԱԿի անդամ Նիկոլ Փաշինեանը, ըստ parliamentmonitoring.am-ի՝ կը գլխաւորէ ամէնէն աւելի դէմ եղող պատգամաւորներուն տասնեակը: ՀԱԿէն ամէնէն աւելի բացակայողն է Հրանտ Բագրատեանը, ձեռնպահ քուէարկողը՝ Գագիկ æհանգիրեանը, հարցում ուղղողը՝ Արամ Մանուկեանը: