ՄՈՍԿՈՒԱ.- Լաւատեղեակ աղբիւր մը ռուսական «vz.ru» կայքին յայտնած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն խնդրած է Փարիզ չայցելել Կիրակի օրուան քայլարշաւի նախօրեակին:
Հոլանտի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ժագ Օտիպեր կապ հաստատած է իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոսի Քոհենի հետ՝ ըսելով, որ Ֆրանսայի ղեկավարը չի փափաքիր Փարիզի մէջ կայացած ահաբեկչութեան հետ կապուած երթին տեսնել Նեթանիահուն:
Օտիպեր բացատրած է, որ այդպիսով, Հոլանտ չէ փափաքած բորբոքել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը:
Ֆրանսական կողմը նաեւ մտավախութիւն յայտնած է, որ Նեթանիահուն տուեալ քայլարշաւը պիտի օգտագործէ նախընտրական քարոզարշաւ կատարելու եւ Ֆրանսա բնակող հրեաներուն ուղղուած քարոզներ կարդալու համար:
Սկիզբը Նեթանիահու համաձայնած է Փարիզ չմեկնիլ, սակայն որոշ ժամանակ ետք միտքը փոխած է: Այդ քայլէն ետք, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, որ սկիզբը ինք եւս յայտնած էր, թէ պիտի չմեկնի Փարիզ, փոխած է որոշումը ու գացած:
Նոյն տեղեկութիւնը փոխանցեց նաեւ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը՝ նշելով, որ Հոլանտ չէ փափաքած, որ Նեթանիահու եւ Ապպաս ներկայ գտնուին Փարիզի քայլարշաւին, որպէսզի լուսարձակները կեդրոնանան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:
Նշենք, օր Ապպաս Փարիզէն Անգարա մեկնած էր եւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպած։ Այս առիթով, Էրտողան քննադատեց Իսրայէլը ու ըսաւ, որ կը դժուարանայ հասկնալ, թէ այդ երկիրի վարչապետը «ի՞նչ յանդգնութեամբ մասնակցած է Փարիզի քայլարշաւին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.