Թրքական «Թուրքիյէ Կազեթես»ջ լրատուական կայքին հաղորդումով՝ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտարարած է նաեւ, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան առեւտրա-շրջանառութեան ծաւալը ներկայ 5 միլիառ տոլարէն պիտի հասնի 25 միլիառ տոլարի՝ 2023ին։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ Էրտողան ըսած է. «Ծանօթացանք ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման հետ կապուած վերջին զարգացումներուն: Կը տեսնենք, որ Մինսկի խմբակը անկեղծ չէ եւ անոնց ըսածները՝ անընդունել»ջ:
Իր կարգին, Ալիեւ ըսած է. «Ապրիլ 24ին, Տարտանելի մէջ միասին պիտի ըլլանք: Այդ օրուան ընտրութիւնը շատ կարեւոր է: Հայաստան խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Մինսկի խմբակն ալ արդիւնքի չի հասնիր: Հայաստան կը շարունակէ գրաւուած պահել Ղարաբաղը, որ պատմական ատրպէյճանական հող է»:
Միւս կողմէ, թրքական որոշ լրատուամիջոցներ Էրտողանի կողմէ Ապրիլ 24ին բոլոր երկիրներու ղեկավարները Թուրքիա հրաւիրուիլը բնութագրած են իբրեւ ռազմավարական եւ պատմական քայլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Copy Cat of that shameless WALK of Presidents in Paris; while all having reporters in Exile, Detention, or Grave.
For that I liked President Obama’s honesty for not participating.